Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլը եւ կուսակցութեան յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ, երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր, նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող զարգացումներն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ուաֆիք Սաֆան, որուն հետ քննարկեց երկիրն ու շրջանը յուզող հարցերը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Թէյմուր Ժոմպլաթ, Ուաէլ Պու Ֆաուր, կուսակցութեան փոխնախագահ Զահեր Ռաատ եւ Զաֆեր Նասեր:


