Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Թիւ 1701 Բանաձեւը Խախտելէ Եւ 1948-ի Աղէտը Կրկնելէ

December 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին մաղթեց, որ Իսրայէլ Միջազգային քրէական ատեան փոխանցուի` աւելցնելով սակայն, որ միջազգային արդարութիւնը ուժի հաւասարակշռութեան կապուած է:

Ան նկատել տուաւ, որ 2006-ի պատերազմին հաստատուած զինադուլէն ետք հրապարակուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, որ պէտք է յարգուի բոլորին կողմէ, «իսկ զայն խախտել կը նշանակէ միջազգային խաղաղապահ ուժերը հեռացնել, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ ամբողջական իմաստով պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, ինչ որ Լիբանանի շահերուն եւ անոր ու շրջանին անվտանգութեան հսկող կողմերու շահերուն չի ծառայեր», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանան Կազայի պատերազմին մէջ պէտք չէ ներքաշուի` աւելցնելով, որ բախման կանոնները ցարդ կը յարգուին, սակայն չկայ ղեկավար մը, որ պատերազմի մէջ ներքաշուած է` գիտնալով, թէ ինչպէ՞ս դուրս կրնայ գալ անկէ:

Անդրադառնալով Կազան իր բնակիչներէն պարպելու, այլ խօսքով` զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու իսրայէլեան արարքներուն, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Իսրայէլ կը փափաքի 1948-ի աղէտը կրկնել:

Այս առումով Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կրնայ սանձել Իսրայէլը, որովհետեւ ան է, որ զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ տարեկան միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրէ անոր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկը` Իր Պատճառելիք Վնասներով, Առաջին Անգամ Ըլլալով Միաւորեց Աշխատաւորներն Ու Գործատէրերը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.