Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները, յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու գործած սպանդները, ինչպէս նաեւ շարք մը միացեալ հարցեր: