Լիբանանեան

Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբ.  ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորումը Կասեցնելը  Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորումը Կասեցնելը Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը: Նիստէն ետք Ալամէ կարդաց յանձնախումբին պատրաստած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ պաղեստինցիներուն դէմ գործուող ամէնօրեայ ցեղասպանութեան կողքին կարգ մը պետութիւններու կողմէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելը ողբերգական զարգացում կը նկատուի:...

Պու Հապիպ. «Լիբանան Ամբողջական  Լուծումներ Կ՛ուզէ»

Պու Հապիպ. «Լիբանան Ամբողջական Լուծումներ Կ՛ուզէ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց գերմանացի պետական նախարար, Պունտըսթակի անդամ Նիլզ Անենը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ քաղաքական հարցերն ու իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին զարգացումները: Պու Հապիպ Անենին յայտնեց, որ Լիբանան ամբողջական լուծումներ կ՛ուզէ եւ ոչ կիսատ լուծումներ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն ու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան միջինարեւելեան շրջանի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի վերաբերող այս տարուան համար նախատեսուած ծրագիրները: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ներկայացնելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դրամատան պատրաստած տարեկան ծրագիրը: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի...

Հարաւային Սահմանագիծի Թէժ Կացութեան Լոյսին Տակ  Քամերոն Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը  Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

Հարաւային Սահմանագիծի Թէժ Կացութեան Լոյսին Տակ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

Մինչ Լիբանան կը սպասէ ֆրանսացի եւ ամերիկացի պատուիրակներուն Պէյրութ կատարելիք այցելութիւններուն, Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը հրապարակեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոնի Լիբանան այցելութեան վերաբերող հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Քամերոն իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնելու Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ Քամերոն բարձր գնահատած է լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ հաստատած, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանը իր չէզոքութիւնը կորսնցուցած է` ինքզինք շրջանային տագնապներու եւ պատերազմներու մէջ մխրճելով: «Պատերազմ, որ կը մերժուի լիբանանցիներուն կողմէ, մինչ երկիրը կը զրկուի հանրապետութեան նախագահէ»,...

Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանանի Համար Կրնայ  Նոր Զարգացումներու Շաբաթ Մը Ըլլալ

Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանանի Համար Կրնայ Նոր Զարգացումներու Շաբաթ Մը Ըլլալ

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ հարաւային Լիբանանի սահմանազատման թղթածրարներուն համար յառաջիկայ շաբաթ կրնայ ըլլալ նոր զարգացումներու շաբաթ մը: Վստահելի աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Լիբանան` միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ: Կը նախատեսուի, որ ան Պէյրութ այցելէ երկուշաբթի գիշեր, ուր պիտի քննարկէ երկիրը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ...

Միքաթի. «Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը  Շրջանային Լարուածութիւնը Լուծելու Բանալիներն Են»

Միքաթի. «Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը Շրջանային Լարուածութիւնը Լուծելու Բանալիներն Են»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «Եու. էս. Թեսք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի հետ առցանց ժողովի մը ընթացքին վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` միջազգային բանաձեւերը, ներառեալ` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան համաձայն է զինադադար հաստատելու եւ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայելու, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող միջազգային բոլոր բանաձեւերը գործադրելու: «Թիւ 1701 բանաձեւը կոչ ուղղեց Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական գործողութիւնները...

«Հարաւային Լիբանանի Սահմանազատման  Հարցով Պատրաստ Ենք Անուղղակի  Բանակցութիւններու»   Շեշտեց Պու Հապիպ

«Հարաւային Լիբանանի Սահմանազատման Հարցով Պատրաստ Ենք Անուղղակի Բանակցութիւններու» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արդար լուծումի կ՛ուզեն յանգիլ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան մերժած է իսրայէլեան այն ծրագիրը, որ Հըզպալլայի մարտիկները պէտք է Լիթանիի հիւսիսային կողմը նահանջեն, որպէսզի իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները տունդարձ կատարեն: «Մենք այդ առաջարկը մերժեցինք, որովհետեւ ամբողջական լուծում կը պահանջենք,...

Դեսպան Աթաբէկեան Ժահժահի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Դեսպան Աթաբէկեան Ժահժահի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները:  

Մաուլաուի. «Կեցուածքներուս Մէջ Անկեղծ Եմ Եւ Ոչ Մէկ Պաշտօնի Թեկնածու Եմ»

Մաուլաուի. «Կեցուածքներուս Մէջ Անկեղծ Եմ Եւ Ոչ Մէկ Պաշտօնի Թեկնածու Եմ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան համաձայն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւը պէտք է գործադրուի երկու երկիրներուն կողմէ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի իր ապահովութիւնը երաշխաւորող միջազգային բանաձեւերուն եւ յանձնառու կը մնայ անոնց գործադրութեան: Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք անկեղծ է իր կեցուածքներուն մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 26.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 28.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Լիբանանի Մէջ. Տէյվիտ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Կազայի Մէջ Զինադուլ  Հաստատելու Առաջնահերթութիւնը

Լիբանանի Մէջ. Տէյվիտ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Կազայի Մէջ Զինադուլ Հաստատելու Առաջնահերթութիւնը

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ բանակի հրամանատարին հետ: Քամերոն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրի Քամերոնի ներկայութեան ընդգծեց, որ Իսրայէլ թիրախ կը դարձնէ լիբանանցի քաղաքայիններ, ինչպէս...

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան  Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին` ներկայութեամբ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտի եւ Խալետ Եուսեֆի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման վերաբերող հարցեր: Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Միքաթիին...

Պէյրութի Մէջ.   «Լիբանան Պէտք Է Խուսափի Իսրայէլի Հետ Զինեալ Ընդհարումներէ»   Շեշտեց Սէարթօ

Պէյրութի Մէջ. «Լիբանան Պէտք Է Խուսափի Իսրայէլի Հետ Զինեալ Ընդհարումներէ» Շեշտեց Սէարթօ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հունգարական երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանին զօրակցելու միջոցներն ու Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ եւ Սէարթօ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ: Պու Հապիպ Սէարթոյի հետ հանդիպումը նկատեց շատ դրական` աւելցնելով, որ...

Համիէ Թլայսի Հետ Քննարկեց Ցամաքային Փոխադրութեան Սակին Վերաբերող Հարցեր

Համիէ Թլայսի Հետ Քննարկեց Ցամաքային Փոխադրութեան Սակին Վերաբերող Հարցեր

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսը, որուն հետ քննարկեց ցամաքային փոխադրութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Համիէ հաստատեց, որ Լիբանանի փոխադրութեան մարզը, յատկապէս` ցամաքային փոխադրութեան ոլորտը, իր բոլոր ենթաբաժանումներով, նախարարութեան համար կը մնայ քննարկուող կենսական հարց: Համիէ նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը փոխադրութեան մարզի բոլոր սենտիքաներուն հետ մնայուն կապի մէջ...

Պքերքէի Մէջ.  «Ռայիի Դէմ Ցեխարձակումները  Դատապարտելի Են Եւ Մերժելի»   Շեշտեց Խազեն

Պքերքէի Մէջ. «Ռայիի Դէմ Ցեխարձակումները Դատապարտելի Են Եւ Մերժելի» Շեշտեց Խազեն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խազեն ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքը նեղացած է, եւ պէտք է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան չափ ու սահման դնել ու վերջ տալ իշխանութեան կողմէ սխալ կառավարման պատասխանատուութիւնը լիբանանցիներուն վրայ բեռցնելու մօտեցումին: «Ռայիի դէմ ցեխարձակումները դատապարտելի են եւ մերժելի: Պքերքէն ազգային հեղինակութիւն...

Պոկտանով Շաապանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Հարցերուն Լուծման Հարիրիի Պատկերացումը

Պոկտանով Շաապանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Հարցերուն Լուծման Հարիրիի Պատկերացումը

Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ,  արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդական Ժորժ Շաապանը: Հանդիպումին ընթացքին Շաապան ներկայացուց լիբանանեան հարցերուն, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման վերաբերեալ Հարիրիի պատկերացումը: Քննարկուեցաւ նաեւ իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապը` ընդգծելով այդ տագնապն ու զինուորական գործողութիւնները դէպի շրջակայ երկիրներ չընդարձակելու կարեւորութիւնը: Պոկտանով հաստատեց, որ...

Պրաքս. «Եթէ Ամէն Բան Կարգին Ընթանայ,  Նաւթ Ներածող Ընկերութիւնները Վառելանիւթը  Պիտի Սկսին Յանձնել Կայաններուն»

Պրաքս. «Եթէ Ամէն Բան Կարգին Ընթանայ, Նաւթ Ներածող Ընկերութիւնները Վառելանիւթը Պիտի Սկսին Յանձնել Կայաններուն»

Վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտարարեց, որ վառելանիւթի կայաններուն մեծ մասը իրենց սովորական ընթացքով կը գործեն, եւ ինքնաշարժներու հերթեր գրեթէ չեն նշմարուիր: Ան աւելցուց, որ նաւթ ներածող ընկերութիւններու ընկերակցութեան նախագահ Մարուն Շամմաս յայտնած է, որ եթէ տուրք պիտի պարտադրուի, ապա անիկա պիտի ըլլայ արտակարգ շահերու պարագային, «եթէ արտակարգ շահեր կան», ըսաւ ան: Պրաքս նկատել տուաւ, որ եթէ ամէն...

Վառելանիւթի Եւ Դեղորայքի Տագնապներու  Նախանշանները Սկսած Են Երեւիլ

Վառելանիւթի Եւ Դեղորայքի Տագնապներու Նախանշանները Սկսած Են Երեւիլ

Լիբանանցի քաղաքացիները երէկ արթնցան վառելանիւթի, մասնաւորաբար պենզինի եւ մազութի տագնապի նախանշաններու լուրով մը, օրուան ընթացքին հաւանական դարձաւ նաեւ, որ այս տագնապը ներառէ պիւթակազը եւս, իսկ յետմիջօրէին դեղորայքի տագնապի հաւանականութեան համեմատութիւնը բարձրացաւ: Մինչ քաղաքացիները իրենց առօրեային եւ աշխատանքներուն սպառնացող այս նոր տագնապին լուծման նշոյլներուն կը սպասէին, Սահմանադրական խորհուրդը պայթեցուց այլ անակնկալ մը, երբ խորհուրդին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ պետական կառոյցներու պետերուն...

Միքաթի Ընդունեց Հաժ Հասանը,  Մանսուրին Եւ Սատեքը

Միքաթի Ընդունեց Հաժ Հասանը, Մանսուրին Եւ Սատեքը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որ ներկայացուց երկրագործական առումով Լիբանանի պարզած իրավիճակը, մասնաւորաբար իսրայէլեան բռնարարքներուն պատճառով երեք ամիսէ ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ հրկիզուած անտառներուն եւ ցանքերուն պարագան: Հաժ Հասան յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիին ներկայացուցած է Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկրագործութեան մարզին վերաբերեալ ստորագրուելիք փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրութեան նախապատրաստութիւնները: Ան նշեց, որ այս...

Page 221 of 987 1 … 220 221 222 … 987

Արխիւներ