Լիբանանեան

Լիբանանցի Երեսփոխաններու Պատուիրակութիւն Մը Մեկնեցաւ  Ուաշինկթըն

Լիբանանցի Երեսփոխաններու Պատուիրակութիւն Մը Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

Լիբանանցի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, Նաամաթ Աֆրամ, Եասին Եասին, Ալեն Աուն եւ Ասաատ Տըրղամ, մեկնեցաւ Ուաշինկթըն` «Եու. Էս. Էյտ»-ի պատասխանատուներուն հետ քննարկելու համար Լիբանանին տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները` կրթական եւ վերանորոգուող ուժանիւթի մարզերուն վերաբերեալ: Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ «Եու. Էս. Էյտ»-ի պատասխանատուներէն Էնտրիւ Փլիթի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ գործակալութեան կատարած օժանդակութիւններուն համար, որոնց...

Զօր. Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարին Հետ  Քննարկեց Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Զօր. Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմանները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց  Յորդանանի Սահմանին «Ամերիկացի Անհատներու» Վրայ Կատարուած Յարձակումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Յորդանանի Սահմանին «Ամերիկացի Անհատներու» Վրայ Կատարուած Յարձակումը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց եւ խստիւ դատապարտեց յորդանանեան սահմանին «ամերիկացի անհատներու» վրայ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ այդ յարձակումը եղբայր երկրի մը գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր մագլցում մը, որ շրջանին մէջ լարուածութիւն կը ստեղծէ` Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքներուն զուգահեռ: Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը յունուար ամսուան ընթացքին ձախողցուցած է 900 սուրիացի տեղահանուածներու Լիբանան ապօրինի մուտքը` լիբանանեան-սուրիական ցամաքային սահմաններէն: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի...

Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Դրական Նշոյլնե՞ր

Նախագահական Ընտրութեան Առումով Դրական Նշոյլնե՞ր

Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը նոր թափով պիտի վերսկսի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու աշխատանքին եւ պիտի փորձէ «վնասազերծել» այդ գործընթացին ճամբուն վրայ ցանուած «ականներ»-ը: Այս շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպաններ Լայզա Ճոնսընը, Էրվէ Մակրոն, Ուալիտ Պուխարին, Ալա Մուսան եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման...

Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Բախումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները կը շարունակուին: Դիմադրութիւնը կը շարունակէ ռմբակոծումի թիրախ դարձնել իսրայէլեան զինուորական դիրքերը, մինչ Իսրայէլ մնայուն կերպով կը ռմբակոծէ սահմանամերձ գիւղաքաղաքներն ու բնակարանները: Երէկ յետմիջօրէին իսրայէլեան բանակը Մէյսէլ Ժապալի մէջ ռմբակոծեց 4 յարկանի շէնք մը` պատճառելով նիւթական վնասներ: Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը մօտիկ ապագային պիտի շարժի դէպի հիւսիսային...

Միքաթի Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի  Իրավիճակն Ու Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Միքաթի Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակն Ու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան միջոցներն ու լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը: Միքաթիի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ անձամբ ջանքեր ի գործ...

Դեսպան Աթաբէկեան Խուրիի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Դեսպան Աթաբէկեան Խուրիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արդարադատութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու հեռանկարները:  

Պասիլ Ռուտաքովէն Ստացաւ Մոսկուայի Մէջ  Խորհրդաժողովի Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Պասիլ Ռուտաքովէն Ստացաւ Մոսկուայի Մէջ Խորհրդաժողովի Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ: Պասիլ եւ Ռուտաքով քննարկեցին նախագահական ընտրութեան վերաբերող նոր քայլերը, ինչպէս նաեւ նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս գալու համար առաջարկուած լուծումները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ռուտաքով Պասիլին յանձնած է հրաւէր մը` մասնակցելու փետրուար...

«Հայան» Ցուրտի Ալիքը Կը Հարուածէ Լիբանանը

«Հայան» Ցուրտի Ալիքը Կը Հարուածէ Լիբանանը

Սաստիկ ցուրտը կը շարունակուի եւ Լիբանանը կը ծածկէ սպիտակ օթոցով: Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութեան օդերեւութաբանական գրասենեակի տեղեկութիւններուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկու օրերուն Լիբանանի մէջ տեղատարափ անձրեւները շարունակուին` որոտումներով եւ երբեմն կարկուտի տեղումներով: «Հայան» ցուրտի ալիքին ուժգնութիւնը պիտի հասնի այն աստիճանի, որ ցերեկը ծովու մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ, իսկ գիշերը` ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ:...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են  Եկեղեցիներ Քանդող Աւազակախումբ Մը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Եկեղեցիներ Քանդող Աւազակախումբ Մը

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ աւազակութեան դէպքերու դէմ պայքարի եւ գողեր բացայայտելու ծիրին մէջ ձերբակալած է աւազակախումբ մը, որ վերջին ժամանակաշրջանին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ եկեղեցիներ գողնալու եւ քանդելու արարքներ կատարած էր: Ներքին ապահովութեան ուժերը հետապնդելէ ետք այդ աւազակախումբը բացայայտեց, որ անիկա երեք անհատներէ կազմուած է` երկու սուրիացիներ` Ա. Ք., ծնեալ` 1996-ին եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի...

Պու Հապիպ Միքաթիին Ներկայացուց Նիւ Եորքի Ժողովներուն Արդիւնքները

Պու Հապիպ Միքաթիին Ներկայացուց Նիւ Եորքի Ժողովներուն Արդիւնքները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որ Միքաթիին ներկայացուց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մակարդակով գումարուած ժողովներուն արդիւնքները: Պու Հապիպ Միքաթիին ներկայացուց, թէ Լիբանան ի՛նչ կեցուածքներ արտայայտած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութեան վերաբերող Ապահովութեան խորհուրդի ժողովներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ...

Դիմադրութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ֆալաք 1» Եւ Այլ Տիպի Հրթիռներով Ռմբակոծեց Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Դիմադրութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ֆալաք 1» Եւ Այլ Տիպի Հրթիռներով Ռմբակոծեց Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սկսած բախումներէն շուրջ 110 օր ետք, Դիմադրութեան մարտիկները երէկ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեցին «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռը` ռմբակոծելու համար իսրայէլեան զինուորական դիրքերը: Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Ռըմէյշ, Եարուն, Ժըպպայն, Տհայրա, Մըրուահին, Ռաշայա Ֆըխխար, Շիհին եւ Թէյր Հարֆա շրջանները: Երեկոյեան իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Մթըլլէ բնակեցման վայրի հանդիպակաց շրջանին վրայ: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ...

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Պետական Եւ Սեփական Մարզերու Պաշտօնէութեան Աշխատավարձերը Պէտք Է Սրբագրել» Շեշտեց Պշարա Ասմար

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Պետական Եւ Սեփական Մարզերու Պաշտօնէութեան Աշխատավարձերը Պէտք Է Սրբագրել» Շեշտեց Պշարա Ասմար

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի: Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած ապրուստի եւ առողջական ճնշող տագնապին մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ այդ տագնապը եղած է անլուծելի: Ասմար դիտել տուաւ նաեւ, որ միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են նաեւ համադաշնակցութեան ի գործ դրած ջանքերը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց թիւ 2/2024 հրամանագիրը, որուն համաձայն` Մար Մարունի տօնին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-ամեակին առիթով ուրբաթ, 9 փետրուար 2024-ին եւ չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ...

Խորհրդարանը Որոշ Բարեփոխումներով  Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը Որոշ Բարեփոխումներով Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկը

Ցերեկային եւ գիշերային եռօրեայ նիստերէ ետք, խորհրդարանը ուրբաթ ուշ գիշերին, վաւերացուց 2024-ի պետական ամավարկը` անկէ զերծ կացուցելով լիբանանցիներուն պարտադրուելիք բարձր տուրքերը, ինչպէս նաեւ ամավարկը ենթարկելով բարեփոխումի: Խորհրդարանը իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ վաւերացուց նաեւ պետական ամավարկի թիւ 88-95 կէտերը, որոնք 17 առ հարիւրի արտակարգ տուրքեր կը պարտադրեն «Սայրաֆա»-ի հարթակէն օգտուող ոչ անհատներուն: Այս առիթով Պըրրի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին ըսաւ....

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը  Կը Շարունակէ Մնալ Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլի  Միջեւ Փոխադարձ Բախումներու Կիզակէտը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Մնալ Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլի Միջեւ Փոխադարձ Բախումներու Կիզակէտը

Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ Իսրայէլի միջեւ ամբողջ շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան, իսկ ամէնէն բուռն թափը ստացան ուրբաթ ուշ գիշերին: Իսրայէլեան բանակը քանի մը անգամ յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի Տէյր Ամես եւ Պէյթ Լիֆ շրջաններուն մէջ թիրախ դարձուցած է Հըզպալլայի զինուորական կեդրոններն ու ենթակառոյցները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Ղանտուրիէի բնակիչներուն հետ`  պահանջելով դատարկել իրենց բնակարանները` նախքան անոնց ռմբակոծումը: Պէյթ Լիֆ...

Ռայի. «Մեր Սիրտը Արիւն Կու Լայ Հարաւային  Սահմանագիծի Բնակիչներուն Համար»

Ռայի. «Մեր Սիրտը Արիւն Կու Լայ Հարաւային Սահմանագիծի Բնակիչներուն Համար»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ ցաւալի է լիբանանցիները տեսնել աղքատութեան եւ տնտեսական սուր տագնապի մէջ: «Սակայն այս իրականութիւնը զարմանալի չէ, որովհետեւ անճիտուած Լիբանանը իր հսկայ կարողութիւններով դարձած է փտածներուն ստրուկը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու առումով: Ռայի պատրիարքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը լիբանանեան պետութեան եւ կարգ մը դատաւորներու համար ամօթ է: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք հանրապետութեան նախագահ, ղեկավարութիւն եւ ծրագիրներ մշակող կառավարութիւն, ինչպէս նաեւ պարկեշտ ու արդար դատական իշխանութիւն չունեցող երկիր...

Page 222 of 987 1 … 221 222 223 … 987

Արխիւներ