Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Լիբանանի Սահմանազատման Հարցով Պատրաստ Ենք Անուղղակի Բանակցութիւններու» Շեշտեց Պու Հապիպ

February 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արդար լուծումի կ՛ուզեն յանգիլ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան մերժած է իսրայէլեան այն ծրագիրը, որ Հըզպալլայի մարտիկները պէտք է Լիթանիի հիւսիսային կողմը նահանջեն, որպէսզի իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները տունդարձ կատարեն:

«Մենք այդ առաջարկը մերժեցինք, որովհետեւ ամբողջական լուծում կը պահանջենք, ինչպէս նաեւ կ՛ուզենք սահմանազատում կատարել` ըստ 1923-ի զինադուլին ընթացքին կատարուած սահմանագծումին», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան կը պահանջէ Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները, որոնք լիբանանեան հողեր են, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ կասեցնել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները:

«Այս իմաստով մենք պատրաստ ենք անուղղակի բանակցութիւններու, սակայն նման համաձայնագիր կարելի պիտի չըլլայ ստորագրել, նախքան` նախագահական ընտրութիւն կատարելը: Մենք կը փափաքինք սահմանները ցոյց տալ եւ այդ իմաստով ալ Նիւ Եորք գտնուելու ընթացքիս բոլորէն` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն եւ 13 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներէն ասիկա պահանջեցի, ինչպէս նաեւ այս մասին բարձրաձայնեցի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին` ստանալով բոլորին ողջոյնը», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան ամբողջական խաղաղութիւն կ՛ուզէ եւ ոչ թէ կիսատ լուծումներ` աւելցնելով, որ այս մասին ինք ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներուն հետ խօսած է, ինչպէս նաեւ հարցը արծարծած Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Ժահժահի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Միքաթի. «Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը Շրջանային Լարուածութիւնը Լուծելու Բանալիներն Են»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.