Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հունգարական երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանին զօրակցելու միջոցներն ու Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ եւ Սէարթօ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ:
Պու Հապիպ Սէարթոյի հետ հանդիպումը նկատեց շատ դրական` աւելցնելով, որ քննարկած են հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը իրականացնելու միջոցները, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու Հունգարիոյ մէջ լիբանանցիներուն ուսման առիթ ընծայելու կարելիութիւնները:
Պու Հապիպ նշեց նաեւ, որ քննարկած են Հունգարիոյ ունենալիք դերակատարութիւնը` Եւրոպական Միութեան նախագահութեան յաջորդ նստաշրջանը ստանձնելու ընթացքին:
Պու Հապիպ նշեց, որ Լիբանան շնորհակալ պիտի ըլլայ Հունգարիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան իրականացման ուղղութեամբ անոր օժանդակութեան համար:
Իր կարգին, Սէարթօ յայտնեց, որ Հունգարիա մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ զինեալ բախումներուն գծով` աւելցնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ` կասեցնելու համար տիրող կացութեան վատթարացումը, որպէսզի կանխարգիլուի շրջանային պատերազմի մը հաւանականութիւնը:
«Քաջ գիտենք, որ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր հարաւային Լիբանանի մէջ, եւ որ լիբանանցիները չեն ցանկար պատերազմը, որովհետեւ անոր յիշողութիւնը տակաւին դրոշմուած է անոնց մէջ: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային ընտանիքին օժանդակելու Լիբանանի կառավարութեան, որ խուսափի Իսրայէլի հետ զինեալ ընդհարումներէ», ընդգծեց Սէարթօ:
Ժըպրան Պասիլի Հետ Հանդիպում
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր կարգին ընդունեց Սէարթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ Իսրայէլ թշնամի երկիր է եւ ան չի կրնար իր անարդար պայմանները պարտադրել լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն վրայ:
Պասիլ նշեց, որ պաղեստինցիներուն համար լուծումը երկու պետութիւններ հիմնելն է, իսկ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ արաբներուն համար լուծումը Պէյրութի մէջ յայտարարուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան գործադրութիւնն է:
Պասիլ յոյս յայտնեց, որ Հունգարիա ազդու դերակատարութիւն կ՛ունենայ Իսրայէլը համոզելու` Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնելու եւ դէպի Լիբանան այդ պատերազմին ընդարձակումը արգիլելու:
Սէարթօ նշեց, որ իրենց յարաբերութիւնը հզօր է եւ ամուր Արեւելքի քրիստոնեայ շրջանակներուն հետ` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան այդ շրջանակներուն օժանդակելու:
«Կ՛ապրինք վտանգաւոր ժամանակաշրջաններու մէջ, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հունգարիոյ մէջ կայ պատերազմ, եւ անոր հետեւանքները կը ցնցեն բոլորը: Նաեւ լաւ գիտենք, թէ ինչքա՛ն ծանր է Լիբանանի մէջ երկու միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ ունենալու իրականութիւնը: Այս իմաստով միջազգային հասարակութիւնը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին», ըսաւ ան:
Սէարթօ ընդգծեց, որ պէտք է արգիլել Միջին Արեւելքի տագնապին ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ զերծ կացուցել պատերազմի ճակատներուն դրացի երկիրները` զինեալ գործողութիւններուն մէջ ներքաշուելէ:
Սէարթօ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ունենան` արգիլելու նոր պատերազմին հաւանականութիւնը, եւ պէտք է բոլորը օժանդակեն լիբանանցիներուն, որ նոր պատերազմ չբռնկի:


