Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համիէ Թլայսի Հետ Քննարկեց Ցամաքային Փոխադրութեան Սակին Վերաբերող Հարցեր

February 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսը, որուն հետ քննարկեց ցամաքային փոխադրութեան մարզին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին Համիէ հաստատեց, որ Լիբանանի փոխադրութեան մարզը, յատկապէս` ցամաքային փոխադրութեան ոլորտը, իր բոլոր ենթաբաժանումներով, նախարարութեան համար կը մնայ քննարկուող կենսական հարց:

Համիէ նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը փոխադրութեան մարզի բոլոր սենտիքաներուն հետ մնայուն կապի մէջ է եւ կը գործակցի, ինչպէս նաեւ կը փորձէ շրջանցել այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն այդ մարզին հեզասահ գործունէութիւնը:

Համիէ նշեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզին դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններէն է ցամաքային փոխադրութեան սակի ճշդումը` նկատի ունենալով սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքին վերիվայրումները:

Համիէ նշեց, որ ցամաքային եւ ծովային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութիւններուն ցուցմունքներ տրուած են` գործակցելու համապատասխան սենտիքաներուն ու համադաշնակցութիւններուն հետ եւ մշակելու նոր սակի պատկերացում մը ու զայն ներկայացնելու նախարարութեան:

Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը պիտի սերտէ իրեն ներկայացուելիք պատկերացումը եւ պիտի արժեւորէ զայն` նկատի ունենալով քաղաքացիներուն, սենտիքաներուն եւ  համադաշնակցութիւններուն շահերը:

Իր կարգին, Թլայս այս իմաստով դրուատեց նախարարութեան ի գործ դրած ճիգերը` դիտել տալով, որ 2024-ի պետական ամավարկի վաւերացումէն եւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին կայունացումէն ետք, անհրաժեշտ է ցամաքային փոխադրութեան նոր սակի ճշդումը, որ նախարարութեան իրաւասութիւնն է:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Ռայիի Դէմ Ցեխարձակումները Դատապարտելի Են Եւ Մերժելի» Շեշտեց Խազեն

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Լիբանան Պէտք Է Խուսափի Իսրայէլի Հետ Զինեալ Ընդհարումներէ» Շեշտեց Սէարթօ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.