Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որ ներկայացուց երկրագործական առումով Լիբանանի պարզած իրավիճակը, մասնաւորաբար իսրայէլեան բռնարարքներուն պատճառով երեք ամիսէ ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ հրկիզուած անտառներուն եւ ցանքերուն պարագան:
Հաժ Հասան յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիին ներկայացուցած է Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկրագործութեան մարզին վերաբերեալ ստորագրուելիք փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրութեան նախապատրաստութիւնները:
Ան նշեց, որ այս նպատակով յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Իրաքի երկրագործութեան նախարարը պիտի այցելէ Պէյրութ:
Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւնները եղբայրական եւ ռազմավարական են:
Միքաթիի այցելուներէն եղաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց փոփոխութեան երեսփոխան Ուատտահ Սատեքը, որուն հետ քննարկեց Նաամէի մէջ իրագործուելիք «Մըզհեր բնակեցման ծրագիր»-ը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պատրանը, որուն հետ քննարկեց համալսարանին կարիքները: