Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Ռայիի Դէմ Ցեխարձակումները Դատապարտելի Են Եւ Մերժելի» Շեշտեց Խազեն

Փետրուար 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Խազեն ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքը նեղացած է, եւ պէտք է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան չափ ու սահման դնել ու վերջ տալ իշխանութեան կողմէ սխալ կառավարման պատասխանատուութիւնը լիբանանցիներուն վրայ բեռցնելու մօտեցումին:

«Ռայիի դէմ ցեխարձակումները դատապարտելի են եւ մերժելի: Պքերքէն ազգային հեղինակութիւն վայելող կեդրոն է բոլոր լիբանանցիներուն համար: Իսկ պատրիարքին տեսակէտով երկրին դիմագրաւած ներքին տագնապները եւ պետութիւնը քրիստոնեայ եւ յատկապէս մարոնի իր տարրէն պարպելու իրականութիւնը հետեւանք է նախագահական ընտրութիւն չկատարելուն: Ան համոզուած է, որ ոմանք չեն փափաքիր հանրապետութեան նախագահ ընտրել, որպէսզի երկրին որոշումին մենաշնորհը ունենան», ըսաւ ան:

Խազեն հաստատեց, որ Լիբանան առանց քրիստոնեաներու չի կրնար գոյատեւել, եւ կարելի չէ կացութիւնը այս վիճակով պահել: «Պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրել եւ պատերազմին վերջ տալ», շեշտեց Խազեն` ընդգծելով Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա, որ բաւարարուեցաւ յայտնելով, թէ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու գնդապետ Թոնի Մուաուատ:

 

 

Նախորդը

Պոկտանով Շաապանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Հարցերուն Լուծման Հարիրիի Պատկերացումը

Յաջորդը

Համիէ Թլայսի Հետ Քննարկեց Ցամաքային Փոխադրութեան Սակին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?