ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան միջինարեւելեան շրջանի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի վերաբերող այս տարուան համար նախատեսուած ծրագիրները: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ներկայացնելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դրամատան պատրաստած տարեկան ծրագիրը:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` մասնակցելու համար Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք ելեւմտական խորհրդաժողովին: Կը նախատեսուի, որ Մանսուրի պաշտօնական հանդիպումներ ունենայ նաեւ սէուտցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհի եւ անոր ընկերակցող մէկ պատուիրակութեան հետ, որ կը ներկայացնէր Քուրան: Ապտել Մեսիհ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժեմայէլին` Քուրայի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի արժանապատուութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ, ինչպէս նաեւ Կազային կը զօրակցի: