Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները: