Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանը իր չէզոքութիւնը կորսնցուցած է` ինքզինք շրջանային տագնապներու եւ պատերազմներու մէջ մխրճելով: «Պատերազմ, որ կը մերժուի լիբանանցիներուն կողմէ, մինչ երկիրը կը զրկուի հանրապետութեան նախագահէ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքները:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները սպառած են քաղաքացիները եւ մսխած անոնց ճակտի քրտինքով շահած գումարները` երկիրը հասցնելով անդունդի եւ նախագահական դատարկութեան փուլի: «Իսկ այսօր անոնք կը փորձեն տնտեսական այդ վէրքերը ամոքել քաղաքացիներուն հաշուոյն», ըսաւ ան:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը հիմնական է` երկրին ընդհանուր կացութեան կազմաւորման եւ կարգաւորման համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա այցելեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքները, ուր ան հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլի սպառնալիքները անոր համար օգտակար պիտի չըլլան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ 2024-ի պետական ամավարկը զերօ գերիշխանութիւն կը նշանակէ եւ տնտեսական ու ելեւմտական ոչ մէկ տեսլական կ՛ընդգրկէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ ընդգծեց, որ ամերիկեան կեցուածքը լկտիութեան գագաթնակէտը կը նկատուի` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ մեղսակից են քաղաքական եւ զինուորական բոլոր մակարդակներուն վրայ արձանագրուող զարգացումներուն:

ՍՊԱՆԱՑԻ երեսփոխան Հանա Ժալլուլ Միւրօ շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները դադրեցնելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի հաստատեց, որ իրենք կը գտնուին ժողովուրդի մը դիմաց, որ չի պարտուիր, եւ Դիմադրութեան մը դիմաց, որ կառչած կը մնայ պայքարի ոգիին:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ամերիկացիները յանձնառու են, որ Դիմադրութիւնը լուրջ վնասներ չկրէ, որպէսզի ան չընդվզի եւ կարծր պատասխան մը չտայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց փրկելու հայրենիքն ու քաղաքացին, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու, երբ տակաւին ուշ չէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան ռմբակոծումները շրջանին մէջ զինուորական մագլցումներու վտանգին ազդանշանը կու տան: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ պատերազմը չ՛ընդարձակուիր եւ Լիբանանը իր մէջ չի ներքաշեր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլի կողմէ բռնարարքները շարունակուին, ապա Հըզպալլա պիտի պատասխանէ իր յարմար նկատած ձեւով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը լարուած է` աւելցնելով, որ Լիբանան պատերազմ չի փափաքիր:

 

Նախորդը

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ Օգնելու Համար Զինուորական Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ»

Յաջորդը

Հարաւային Սահմանագիծի Թէժ Կացութեան Լոյսին Տակ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.