Լիբանանցի քաղաքացիները երէկ արթնցան վառելանիւթի, մասնաւորաբար պենզինի եւ մազութի տագնապի նախանշաններու լուրով մը, օրուան ընթացքին հաւանական դարձաւ նաեւ, որ այս տագնապը ներառէ պիւթակազը եւս, իսկ յետմիջօրէին դեղորայքի տագնապի հաւանականութեան համեմատութիւնը բարձրացաւ:
Մինչ քաղաքացիները իրենց առօրեային եւ աշխատանքներուն սպառնացող այս նոր տագնապին լուծման նշոյլներուն կը սպասէին, Սահմանադրական խորհուրդը պայթեցուց այլ անակնկալ մը, երբ խորհուրդին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ պետական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու խորհրդարանի որոշումը վիճարկելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցած առաջարկին մասին յստակ որոշումի մը չէ կրցած յանգիլ: «Հետեւաբար պետական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումը կը մնայ ուժի մէջ», ընդգծեց Սահմանադրական խորհուրդը:
Վերադառնալով վառելանիւթի տագնապին, նաւթ ներածող ընկերութիւններու ընկերակցութեան նախագահ Մարուն Շամմաս յայտնեց, որ ընկերակցութիւնը կրնայ նաւթ ներածելէ դադրիլ, եթէ պետական ամավարկին մէջ վաւերացուած տուրքի կէտը վերատեսութեան չենթարկուի:
Շամմաս նկատել տուաւ, որ 2020-2021 թուականներուն Կեդրոնական դրամատան տրամադրած օժանդակութենէն օգտուեցան քաղաքացիները եւ ոչ թէ ընկերութիւնները, «հետեւաբար այդ օժանդակութենէն օգտուողներուն վրայ տուրք պարտադրելը կրնայ արդարացուցիչ ըլլալ, սակայն հակառակը` ոչ», ընդգծեց ան:
Շամմաս դիտել տուաւ, որ ընկերութիւններուն վրայ պարտադրուած այդ տուրքը անարդար է եւ վաւերացուած է` առանց լուրջ քննարկումի:
Կէսօրէ ետք հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շամմաս յայտնեց, որ պենզինի կայանները փակելու որոշումը դիւրին չէ` աւելցնելով, որ անիկա իրենց համար վերջին լուծումն է, հակառակ անոր որ ցանկալի չէ:
Ան շեշտեց, որ 2024-ի պետական ամավարկի ծիրին մէջ հրապարակուած տուրքի օրէնքը կարելի չէ գործադրել: «Մենք չենք փափաքիր այս մարզին հարուած հասցնել, սակայն միաժամանակ կարելի չէ իրենց տուրքերուն յանձնառու ընկերութիւնները պատժել», աւելցուց ան:
Շամմաս նկատել տուաւ, որ վառելանիւթի տագնապին վերադարձը կախեալ է խորհրդարանին արձագանգէն:
Պատասխանելով «վառելանիւթի յանձնումը պիտի դադրի՞» հարցումին` ան ըսաւ. «Պատասխանը խորհրդարանին մօտ կը գտնուի»:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան պենզինի կարգ մը կայաններ փակեցին իրենց դռները, իսկ կարգ մը այլ կայաններ չփակեցին, այլ աշխատանքը շարունակեցին բնականոն կերպով:
Լիբանանցիներուն կողմէ իրարանցումի մատնուելու սովորութեան պատճառով առաւօտեան կանուխ ժամերուն կարգ մը կայաններու դիմաց ինքնաշարժներու հերթեր նշմարուեցան:
Վառելանիւթ բաշխող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա շեշտեց, որ երկրին մէջ վառելանիւթ կայ` աւելցնելով, որ պենզինի կայանները բաց պիտի մնան: Ան նկատել տուաւ, որ նաւթ ներածող ընկերութիւններու ընկերակցութեան պատասխանատուները պէտք է պետական ներկայացուցիչներուն հետ խօսին եւ լուծում գտնեն` կանխարգիլելով այս տագնապը:
Իր կարգին, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս կոչ ուղղեց նաւթ ներածող ընկերութիւններու ընկերակցութեան պատասխանատուներուն կառավարութեան հետ բանակցելու եւ լուծելու այդ հարցը` առանց քաղաքացիները նոր տագնապի մը մատնելու:
Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Մնայ
Բուռն Բախումներու Ենթակայ
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ եւս մնաց ենթակայ բուռն բախումներու` Դիմադրութեան մարտիկներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ:
Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանէն Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարուի, ապա Հայֆայի մէջ կացութիւնը լաւ պիտի չըլլայ, «սակայն Պէյրութի մէջ կացութիւնը քանդիչ պիտի ըլլայ», սպառնաց ան:
Միւս կողմէ, սակայն, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն իսրայէլեան բանակը կը նուազեցնէ Լիբանանի սահմանամերձ հիւսիսային շրջանին մէջ կուտակած իր ուժերը:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Խիամ, Նաքուրա, Հատասա, Ռիշաֆ, Թիրի, Տհայրա, Եարին, Ժըպպայն, Պընթ Ժպէյլ, Քֆարքիլա եւ Մարուն Ռաս շրջանները:
Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Հատըպ Այթա դիրքը, ուր հաւաքուած էին իսրայէլացի զինուորներ: Դիմադրութիւնը արձանագրեց ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծած են իսրայէլեան Տհայրա դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Թայհաթ բարձունքն ու Միթաթ զօրանոցը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ. արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին նաեւ իսրայէլեան Հանիթա դիրքին գաղտնալսումի սարքերը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեցին «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը` Պայատ Պլիտա դիրքին վրայ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը: