Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդական Ժորժ Շաապանը:
Հանդիպումին ընթացքին Շաապան ներկայացուց լիբանանեան հարցերուն, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման վերաբերեալ Հարիրիի պատկերացումը:
Քննարկուեցաւ նաեւ իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապը` ընդգծելով այդ տագնապն ու զինուորական գործողութիւնները դէպի շրջակայ երկիրներ չընդարձակելու կարեւորութիւնը:
Պոկտանով հաստատեց, որ Մոսկուա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, անոր անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական հարցերուն լուծումը անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութեան ճամբով եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ` առանց արտաքին միջամտութեանց:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսարի հետ:
Քննարկուած են Կազայի, հարաւային Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ արձանագրուող մագլցումները:
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Պոկտանով հաստատած է Մոսկուայի մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը պէտք չէ աշխարհագրականօրէն ընդարձակուի:
Պոկտանով յոյս յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ շուտով նախագահական ընտրութիւն կը կատարուի: