ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի զարգացումները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ վերադարձաւ Պէյրութ` Միւնիխի մէջ ապահովական խորհրդաժողովին մասնակցելէ ետք: Նշենք, որ նախքան վերադարձը, Պու Հապիպ հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի, Իրլանտայի, Նետերլանտներու եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ուղղուեցաւ Զուիցերիա` մասնակցելու համար Եւրոպայի տնտեսական յանձնախումբի 86-րդ խորհրդաժողովին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամին այդքան անկարող է, որ ան չի կրնար Դիմադրութեան մարտիկներուն մօտ գտնուող ոեւէ գերի ուժի գործադրութեամբ ազատ արձակել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց Լիբանանի ուղին չկապելու պաղեստինեան տագնապի ուղիին` հաստատելով, որ Լիբանան շատ սուղ կրնայ վճարել նման քայլ մը առնելու սակը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք Նապաթիէի մէջ տեղի ունեցած յիշատակի ոգեկոչումի մը ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը սպառնալիքներով չի տարուիր` աւելցնելով, որ քաղաքայինները ռմբակոծելու արարքին դէմ Դիմադրութեան տուած պատասխանը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Պէյրութէն մեկնեցաւ Գահիրէ: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ եգիպտացի պատասխանատուներու հետ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութեան նշոյլն անգամ կարելի չէ տեսնել ռամատանէն առաջ: Ան նշեց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ յարաբերութիւնները վերջնականապէս չեն խզուած:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը պէտք է զգուշանայ` աւելցնելով, որ թշնամին քաղաքական մակարդակի վրայ պիտի չկարենայ արձանագրել յաջողութիւններ, որոնք չէ կրցած զինուորական մակարդակի վրայ իրականացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Կազայի պատերազմի ծիրին ընդարձակման հաւանականութիւնները հետզհետէ կը բարձրանան: Անդրադառնալով նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ մը դնելու քայլերուն` Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը քննարկէ տարբեր ձեւեր` նախագահական ընտրութիւն կատարելու, «սակայն տակաւին յստակ նախաձեռնութիւն մը չկայ», ըսաւ ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա մաղթեց, որ Լիբանան ընդարձակ պատերազմի մը մէջ չներքաշուի: Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը անորոշ պիտի մնայ մինչեւ պաղեստինեան դատին լուծումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց 26 փետրուար 2024-էն առաջ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու` կայացնելու համար քաղաքապետական ընտրութիւնները: Ժահժահ շեշտեց, որ մերժելի է պատճառաբանել հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող զինուորական իրավիճակը` շարունակելու համար երկրին անդամալուծութիւնը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի մաքսատունը յաջողած է գրաւել մեծ քանակով թմրեցուցիչ, որ Ափրիկէէն Պէյրութ հասած լիբանանցի ճամբորդի մը մօտ կը գտնուէր:


