Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը` ընդգծելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութիւնը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային Կապոյտ գիծի շրջակայքը արձանագրուող զինեալ բախումներուն լոյսին տակ:
Պոկտանով շեշտեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի լիբանանեան գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ապահովական կայունութեան: Ան հաստատեց, որ Մոսկուա կը մերժէ Կազայի պատերազմի ընդարձակումն ու այդ պատերազմին մէջ այլ երկիրներ, յատկապէս` Լիբանանը ներքաշելու հաւանականութիւնը: