Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Սայտան

February 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ պարտադրուած «Արեան դիմաց արիւն» վերջին տարազը փաստեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումները ո՛չ դիւանագիտական ջանքերով եւ ո՛չ ալ զինուորական առումով պիտի մեղմանան, որովհետեւ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ Կազային օժանդակելու իր գործողութիւնները:

Այս դէպքերուն լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը աշխուժացնեն դիւանագիտական իրենց ջանքերը` կանխարգիլելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ընդարձակ պատերազմի մը բռնկումը:

Ներկայիս դիւանագիտական ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի Լիբանանի նկատմամբ, սակայն հարաւային սահմանը աւելի եւս թէժանալու պարագային կը նախատեսուի, որ միջազգային պատուիրակներ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել  Մաքրոնի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան այցելեն Լիբանան` փորձել մեղմացնելու զինուորական գործողութիւնները:

Անկախ դիւանագիտական ջանքերու այս անորոշութենէն, գետնի վրայ բախումները իսկապէս կը թէժանան:

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքներուն լոյսին տակ, իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 5:35-ին ռմբակոծեց Սայտան:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը Սայտայի Ղազիէ շրջանին մէջ ռմբակոծած է Հըզպալլայի զինամթերքի պահեստանոց մը` իբրեւ պատասխան իսրայէլեան Թապարիա բնակեցման վայրին վերեւ անօդաչու թռչող սարքով գործուած յարձակումին:

Բանբերը շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ցնցիչ պատասխաններ տալ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պուսթան, Եարին, Ատայսէ, Մահաֆեր եւ Սայտա-Ղազիէ շրջանները:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հըրշ Ռամիմ դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ` դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքը եւ ուղղակի հարուած հասցուցին անոր:

Անոնք համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին նաեւ իսրայէլեան Ռամթա եւ Սըմմեքա դիրքերը:

Նախորդը

Միւնիխի Մէջ. Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Քաթարի Եւ Իրաքի Վարչապետներուն Հետ

Յաջորդը

Պըրրի Պորճիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.