Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Մէջ. Միքաթի Կը Շարունակէ Պաշտօնական Իր Հանդիպումները

February 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ շարունակեց պաշտօնական իր հանդիպումները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Էյմի Պոպի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան միջոցները բարելաւելու հեռանկարները` նպատակ ունենալով զսպել Լիբանանէն ապօրինի գաղթելու դրութիւնը:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ իր սահմաններէն ապօրինի գաղթած անհատները` տեղահանուածները օրինաւոր կերպով վերընդունիլ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան` հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած 82 հազար քաղաքայիններուն տրամադրած առողջապահական եւ մարդասիրական օժանդակութեան համար:

Պոպ նշեց, որ ինք կը փափաքի Լիբանան այցելել եւ աշխատիլ Լիբանանի կառավարութեան հետ` գաղթի մասին ազգային համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակելու:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Դանիոյ վարչապետ Միթի Ֆրետերիքսընի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

Միքաթի եւ Ֆրետերիքսըն ընդգծեցին ամէնէն մօտիկ ապագային պատերազմը կասեցնելու եւ արդար ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Կալակերի հետ:

Քննարկուեցան այն ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին կասեցնելու համար Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Կալակերի հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի դիւանագիտութեան պետը:

Միքաթի ընդունեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին` ներկայութեամբ Պու Հապիպի:

Հանդիպումին ընդգծուեցաւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու առաջնահերթութիւնը, ապա` Պաղեստինեան հարցը լուծելու կարեւորութիւնը:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլիի հետ: Քննարկուեցաւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու թղթածրարը`  նկատի ունենալով, որ Քանատա ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ֆինանսաւորող երկիրներէն է:

Միքաթի հանդիպեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հետ` բարձր գնահատելով անոր կեցուածքները, յատկապէս` զոյգ պետութիւններու կերտման կարեւորութիւնը շեշտելու անոր քաջութիւնը, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներ Քրիս Մըրֆիի եւ Քրիս վոն Հալի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Մաուլաուի. «Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումին Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակենք»

Յաջորդը

Նապաթիէի Նահատակները Յանձնուեցան Հողին

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.