Անցեալ շաբաթավերջին Նապաթիէի մէջ տեղի ունեցաւ 14 փետրուար 2024-ի իսրայէլեան ռմբակոծումին զոհ գացած քաղաքայիններուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Նապաթիէի նահատակները յանձնուեցան հողին` պաշտօնական թաղման արարողութեամբ, որուն ընթացքին Նապաթիէի միւֆթի շէյխ Ապտել Հասան Սատեք հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի հողին շաղախուած արիւնը Դիմադրութեան մարտիկներուն` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի մարտիկներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն թափած արիւնն է, ինչ որ կը հաստատէ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը եւ Դիմադրութեան մշակոյթին հաւատարիմ մնալու անոնց յանձնառութիւնը:
Շէյխ Սատեք ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը ինքնութիւն է, գաղափարաբանութիւն եւ համոզում, որ ունի իր արմատները, եւ ոչ թէ քաղաքական խմբաւորում մըն է, որ կարելի է դիւրաւ լուսանցքայնացնել:
Նշենք, որ յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանի Քպայսի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Այուպ Հմայէտ, Ամին Շըրրի, Հասան Մըրատ, Աշրաֆ Պայտուն, Նասեր Ժապեր, Քապալան Քապալան, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Պըրժաուի եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած բռնարարքները խստիւ դատապարտուեցան Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան նախագահութեան կողմէ:
Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան նախագահութիւնը ընդգծեց, որ ահաբեկչական գոյացութեան այս արարքները շրջանը կ՛ուղղեն դէպի քանդիչ պատերազմ:
Հոքշթայն. «Կը Փորձենք Հարաւային Լիբանանի Բախումները
Պահել Իրենց Նուազագոյն Մակարդակին Վրայ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճը Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Միւնիխի մէջ կայացած ապահովութեան խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն հարաւային Լիբանանի բախումները պահել իրենց նուազագոյն մակարդակին վրայ:
Հոքշթայն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքներէն, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերէն տեղահանուած բնակիչները պէտք է տուն դառնան:
Իսկ անդրադառնալով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն այն հաստատումին, թէ Հոքշթայն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Ֆարես Ժամիլ յայտնեց, որ Միքաթի-Հոքշթայն հանդիպումին ընթացքին արձանագրուեցան հաստատումներ, թէ ամերիկեան վարչակազմը ճիգ պիտի չխնայէ` Իսրայէլը զսպելու եւ առիթ չտալու, որ ան Լիբանանի դէմ ընդարձակ յարձակում սանձազերծէ:
Ան նշեց սակայն, որ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, թէ կացութիւնը որքա՛ն կարելի է հակակշիռի տակ պահել:
Ժամիլ նկատել տուաւ, որ Հոքշթայն մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի չայցելէ, բայց եւ այնպէս ան կը շարունակէ հաղորդակցութիւնները:
Հարաւային Սահմանագիծի Բախումները
Շարունակուեցան Շաբաթավերջին
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պէյթ Լիֆ, Ռամիա, Ժապալ Պլաթ, Այթա Շաապ, Մուզլեմ հովիտ, Հասպայա, Ռաս Նաքուրա, Նաքուրա, Ուաթա Խիամ, Մարուն Ռաս, Ֆարտիս, Քֆարհամամ, Ռաշայա Ֆըխխար, Համամեսի բարձունքներ, Մարի, Մէյսել Ժապալ, Եարուն, Համուլի հովիտ, Եարին, Թէյր Հարֆա, Ժպպայն եւ Շիհին շրջանները:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պրանեթ դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուեյսեթ Ալամ եւ Սըմմեքա դիրքերը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Տհայրա դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորները:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքն ու հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռամիա դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլա ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Պաղտատի եւ Թայհաթ դիրքերը, ինչպէս նաեւ Իվեն Մանահեմ, Շումերա եւ Եարուն բնակեցման վայրերուն մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ: