Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Այցելեց Պրիւքսել

February 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի  նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէի, անցեալ շաբաթ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուր հանդիպումներ ունեցաւ եւրոպացի պատասխանատուներու հետ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սելիմ Սայեղ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Էլիաս Խուրի:

Իր հանդիպումներուն ընթացքին լիբանանեան պատուիրակութիւնը քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ` նկատել տալով Լիբանանի վրայ այդ հարցին ունեցած աղէտալի հետեւանքները:

Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ Լիբանան առյաւէտ պիտի չընդունի սուրիացի տեղահանուածները:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պահանջեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքը յարգել եւ գործադրել` խնդրելով ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութիւնը` կազմակերպելու այդ տունդարձը:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա անարդար է պաղեստինցի գաղթականներուն հաշուոյն: Այս իմաստով լիբանանեան պատուիրակութիւնը եւրոպական ըմբռնում եւ դրական կեցուածք շօշափեց:

Հանդիպումներուն քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները եւ Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը մնայուն կերպով խախտելու իրականութիւնը, որ փաստերով արձանագրուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը հաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` գործադրելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, շեշտելով նաեւ իսրայէլեան ուժերուն հեռացման կարեւորութիւնը`  լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն:

Անդրադառնալով ներլիբանանեան քաղաքական տագնապին` լիբանանեան պատուիրակութիւնը ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` բարելաւելու համար երկրին քաղաքական, սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կեանքի ընթացքը:

Նախորդը

Պոկտանով Ապու Զէյտի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Վտանգաւոր Կացութիւնը

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումին Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակենք»

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.