Լիբանանեան

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   Հարիրի Միւֆթի Տըրիանի Հետ Քննարկեց Սիւննի Համայնքին Իրավիճակը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Հարիրի Միւֆթի Տըրիանի Հետ Քննարկեց Սիւննի Համայնքին Իրավիճակը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց սիւննի համայնքին իրավիճակն ու զայն բարելաւելու միջոցները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա յանձնառու է իր իսլամ բոլոր զաւակներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն եւ զանոնք հայրենիքի փլուզումէն փրկելու, ինչպէս նաեւ քաոսէն դուրս բերելու: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ...

Ռայի Պատրիարքը Մակրոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վերաբերող Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Մակրոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վերաբերող Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Կազայի պատերազմին արձանագրած զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ ձգած անոր հետեւանքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական տագնապի, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութիւնները: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Քարիթասի հիմնադրութեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Այս առիթով արտասանած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին ընդմէջէն տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ինչպէ՞ս կարելի է հիմնել երկիր մը, որուն բանակը տկարացնելու մնայուն աշխատանք կայ եւ որուն պետութեան որոշումը գրաւուած է, ու այդ երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ պատերազմ կը պարտադրուի»:...

Սէյիտ Նասրալլա. «Թշնամին Արեամբ Պիտի Վճարէ Մեր Քաղաքայիններուն Թափած Արեան Գինը»

Սէյիտ Նասրալլա. «Թշնամին Արեամբ Պիտի Վճարէ Մեր Քաղաքայիններուն Թափած Արեան Գինը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Նահատակ ղեկավար»-ներու օրուան առիթով: Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա ողջունեց ղեկավարները եւ անոնց զոհողութիւնները` հաստատելով, որ իրենք դասեր կը քաղեն ղեկավարներու կեանքի օրինակներէն եւ անոնցմով կ՛առաջնորդուին: Ան նշեց, որ Դիմադրութեան զէնքը Լիբանանի պաշտպանութեան նպատակը կը հետապնդէ եւ չի միտիր քաղաքական կամ սահմանադրական իրողութիւնները փոփոխութեան ենթարկել:...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան այցելեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ՀՅԴ-ին ու Երեսփոխանական պլոքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեցին նախկին վարչապետին իր հօր` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 19-րդ տարելիցին առիթով: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, երկրի ընդհանուր իրավիճակը, Կազայի պատերազմն ու շրջանային զարգացումները: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը...

Սաատ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

Սաատ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով Լիբանան վերադարձած նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Այն Թինէ, ուր դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին Պըրրի եւ Հարիրի քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները: Միւս կողմէ, Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովուրդը 14 փետրուարին իր խօսքը ըսաւ` ընդգծելով, որ...

Միքաթի-Հոքշթայն Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ

Միքաթի-Հոքշթայն Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Միւնիխի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Միքաթի եւ Պու Հապիպ Միւնիխի մէջ կը մասնակցին ապահովութեան տարեկան խորհրդաժողովին: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի հետ եւ անոր ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Միքաթի եւ Հոքշթայն...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Մինչ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կը թելադրէ զգուշանալ շրջանին մէջ ապահովական մագլցումներէն, մասնաւորաբար` Լիբանանի եւ Կարմիր ծովուն մէջ, իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Քանթարա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող բնակարան մը` պատճառելով երեք զոհ: Իսկ իսրայէլեան քաղաքացիական անվտանգութեան նախարար Իթամար Պըն Ղաֆիր յայտնեց, որ Կազայի մէջ կատարուածը պէտք է կատարուի նաեւ Լիբանանի մէջ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը...

Պու Սաապ. «Սլիմ Պէտք Է Վիճարկէ Սպայակոյտի Պետի Նշանակումը»

Պու Սաապ. «Սլիմ Պէտք Է Վիճարկէ Սպայակոյտի Պետի Նշանակումը»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութիւնը սիւննի համայնքին մօտ ստեղծած է բաց մը: Ան շեշտեց, որ Հարիրի ունի ժողովրդային իր ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ անկեղծ է, եւ այդ մէկը կարեւոր է քաղաքականութեան մէջ: Պու Սաապ մաղթեց, որ Հարիրի քաղաքական ասպարէզ վերադառնայ: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն` Պու Սաապ նշեց, որ ամերիկացիներուն եւ ֆրանսացիներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 22.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 22.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Հարիրիի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցին Առիթով`  «Ամէն Ինչ Իր Ժամանակը Ունի, Իսկ Սաատ Հարիրի Ժողովուրդը Չի Լքեր»   Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Հարիրիի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցին Առիթով` «Ամէն Ինչ Իր Ժամանակը Ունի, Իսկ Սաատ Հարիրի Ժողովուրդը Չի Լքեր» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին,  տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը: Հարիրիի յիշատակին առիթով մայրաքաղաք հասած քաղաքացիները աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցին պաստառներ` պահանջելով անոր զաւկին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ասպարէզ վերադարձը: Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական...

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:20-ին Գալիլիոյ Սաֆատ քաղաքին մէջ ռմբակոծուեցաւ շէնք մը, որուն պատճառով սպաննուեցաւ իսրայէլացի զինուոր մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Սաֆատը եւ պատճառած մարդկային վնասներ: Իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պըն Ղաֆիր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանամերձ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բախման կանոնները պէտք է փոփոխութեան ենթարկել:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ երեքշաբթի, 20 փետրուար 2024-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր, որոնք կապուած են սեփական դպրոցներու ուսումնական խորհուրդներուն եւ դպրոցներու պիւտճէներու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ հանգստեան կոչուած ուսուցիչներուն հատուցման սնտուկին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-ամեակին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 15 փետրուար 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին:

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Դիմադրութեան Կատարածը Ազգային Պատասխանատուութիւն Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Դիմադրութեան Կատարածը Ազգային Պատասխանատուութիւն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Վիրաւորի օր»-ուան առիթով: Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այս օրը նուիրուած է Դիմադրութեան վիրաւորներուն, որոնք զոհողութիւններ կատարած Հըզպալլայի ամէնէն թանկագին շերտը կը նկատուին: Ան աւելցուց, որ երկրորդ առիթը կը վերաբերի Դիմադրութեան բոլոր այն մարտիկներուն, որոնք գերեվարուած են եւ թշնամիին բանտերուն մէջ տառապած: Սէյիտ...

Սաատ Հարիրի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ

Սաատ Հարիրի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով Լիբանան ժամանած նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ճոնսըն հանդիպումը  հոյակապ նկատեց: Հարիրիի այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իսլամական աշխարհը յուզող...

Ֆրանսայի Կողմէ Սահմանագիծէն 10 Քմ Հեռանալու Առաջարկ` Հըզպալլային

Ֆրանսայի Կողմէ Սահմանագիծէն 10 Քմ Հեռանալու Առաջարկ` Հըզպալլային

Հակառակ այն իրողութեան, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսա գրաւոր առաջարկ մը ներկայացուցած է Լիբանանին` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինեալ բախումներուն վերջ տալու իմաստով: Ֆրանսական առաջարկը ուղղուած է Հըզպալլային, որմէ կը պահանջէ իր մարտիկները սահմանագիծէն 10 քմ հեռացնել` Իսրայէլի հետ բախումներուն վերջ տալու նպատակով: Ռոյթըրզի համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին...

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութեան Սենտիքան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Խազենի Հետ Եւ Գործադուլը Չեղեալ Յայտարարեց

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութեան Սենտիքան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Խազենի Հետ Եւ Գործադուլը Չեղեալ Յայտարարեց

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնէութեան սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին աւարտին սենտիքան չեղեալ յայտարարեց իր գործադուլը եւ իբրեւ բարի կամեցողութիւն բջիջային հեռաձայնի ծառայութեան համար կանխաւ վճարուող քարտերը շուկային տրամադրութեան տակ դրաւ: Իր կարգին, Խազեն ընդգծեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատարը յանձնառու կը մնայ ամէն ջանք ի գործ դնելու` ապահովելու համար...

Ֆրանսական Օժանդակութիւն` Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան

Ֆրանսական Օժանդակութիւն` Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որմէ ստանձնեց ֆրանսական պետութեան կողմէ օժանդակութիւն մը` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան: Ֆրանսական պետութեան օժանդակութիւնը փաստաթուղթերը ստուգելու յատուկ սարքերու տրամադրումն էր: Այս առիթով Պայսարի շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական պետութեան` բարձր գնահատելով ի գործ դրուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ ֆրանսական դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 15.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 3000 լ. ոսկիով : Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Page 219 of 987 1 … 218 219 220 … 987

Արխիւներ