Իսրայէլեան Բանակը Շարունակեց Ռմբակոծել Հարաւային Սահմանագիծը
Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Ուազզանին, Նաքուրան, Մէյսել Ժապալը, Քանթարան, Ալմա Շաապը, Այթա Շաապը, Խիամն ու Քֆարքիլան: Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Թայհաթի բարձունք դիրքը` հասցնելով ուղղակի հարուածներ եւ թիրախ դարձնելով այդ դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումն ու զրահապատները: Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զըրհիթ բնակեցման վայրը: Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն,...

















