Անցեալ շաբաթավերջին Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին Մերժահիուն, Ռըմէյշ, Մըրուահին, Մէյսել Ժապալ, Հուլա, Ուազզանի, Աուիտայի բարձունք, Մարքապա, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Ժըպպայն, Մըրուահին, Այթարուն, Տհայրա, Եարուն, Քաունին, Սլուքի հովիտ, Ուազզանի, Ալմա Շաապ, Խիամ եւ Նաքուրա շրջանները:
Իսրայէլեան օդանաւերը նաեւ թռիչքներով ոտնձգութիւն գործեցին երկրին գերիշխանութեան դէմ: Անոնք թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի շրջաններուն, Մաժիտիէի, Մարիի, Հասպայայի, Արքուպի, Շեպաայի, Ռաշայա Ֆըխխարի, Քֆարհամամի, Քֆարշուպայի, Հըպպարիէի, Ռաշայա ուատիի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արամթայի, Ռիհանի եւ Սաֆի լեռներուն վերեւ:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի երկու հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը` հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը հրասանդերով ռմբակոծած է իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Սըմմեքա ու Ռամթա դիրքերը եւ հոն տեղակայուած իսրայէլացի զինուորներուն ու սարքերուն դէմ ուղղակի հարուածներ արձանագրեցին:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Քարանթինայի բարձունք դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները գնդացիրներով քանդեցին իսրայէլեան Ասի դիրքը` քանդելով հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:


