Լիբանանեան

Ռուսիոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական  Գործողութեան Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ռուսիոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ռուսիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան առիթով, շաբաթ, 23 մարտ 2024-ին, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը դատապարտենք Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ռուսիոյ նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, յատկապէս սպաննուածներու ընտանիքներուն, որոնք համաշխարհային ահաբեկչութեան զոհերն են: Ողորմութիւն`  զոհերուն եւ զօրակցութիւն` ռուս ժողովուրդին»:

Պեքաայի Մէջ.  Իսրայէլեան Ռմբակոծումները  Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պեքաայի Մէջ. Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ յայտարարելու որոշումը` նկատել տալով, որ պէտք է քաղաքական գործընթացը իր ընթացքը շարունակէ եւ պաղեստինցիներուն իրենց իրաւունքները շնորհէ` յանձնառու մնալով երկու պետութիւն հիմնելու միջազգային որոշումներուն: Միքաթի կոչ ուղղեց մեծ պետութիւններուն` ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել նաեւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ...

Պըրրի Միշել Մըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Միշել Մըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական ու միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը օրէնսդրական հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր առաքելութիւնը աւարտելու առիթով Պոմպարտիերի խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի ընդունեց...

Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Շարունակեն Ցաւակցութիւն Յայտնել

Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Շարունակեն Ցաւակցութիւն Յայտնել

Մոսկուայի մէջ անցեալ ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին կատարուած ահաբեկչական գործողութեան լոյսին տակ Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու անձնաւորութիւնները շարունակեցին ցաւակցութիւն յայտնել Ռուսիոյ եւ անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատուն, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Մոսկուան հարուածած ահաբեկչական գործողութեան համար: Պու Սաապ խստիւ դատապարտեց ահաբեկչական այս գործողութիւնը, որ թիրախ դարձուց անմեղ քաղաքացիները: Ան ամբողջական զօրակցութիւն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ Աւագ երեքշաբթի, 26 մարտ 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` Աւագ չորեքշաբթի, 27 մարտ 2024-ին:

Իսրայէլեան Բանակը  Դարձեալ Ռմբակոծեց Պեքաան

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Ռմբակոծեց Պեքաան

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ կէս գիշերին եւ երէկ դարձեալ ռմբակոծումներու թիրախ դարձուց Պեքաան: Շաբաթ կէս գիշերին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պաալպեքը: Ռմբակոծումները պատճառեցին երեք վիրաւորներ: Ի պատասխան Պաալպեքի ռմբակոծումին, Դիմադրութիւնը կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Քաթիուշա» տիպի աւելի քան 60 հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Եոաւ դիրքն ու Քայլաա զօրանոցը, ուր իսրայէլեան «Կոլանի» ընտրանի ջոկատը մարզումներու կ՛ենթարկուէր: Ռմբակոծումները արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ եւ պատճառեցին նիւթական եւ...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Անձնաւորութիւնները Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Փութինին

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Անձնաւորութիւնները Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Փութինին

Մոսկուայի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութեան լոյսին տակ Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու անձնաւորութիւնները ցաւակցութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Փութինին: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչական գործողութեան պատճառած զոհերուն համար, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Ռուսիոյ: Պըրրի խստիւ դատապարտեց քաղաքայիններուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ Մոսկուայի մէջ պատահած այս յարձակումը ցոյց կու տայ,...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Յանձնարարեց Իսրայէլի Դէմ Բողոքել`  Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յանձնարարեց Իսրայէլի Դէմ Բողոքել` Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան  յանձնարարեց Իսրայէլի դէմ բողոքել` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ: Լիբանանի ներկայացնելիք բողոքը պիտի վերաբերի Կազայի դէմ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Պէյրութի միջազգային օդակայանին դէմ Իսրայէլի կողմէ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն, որոնք կը գործուին լիբանանեան քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը խանգարելով: Պու Հապիպ Ընդունեց Յունաստանի, Ֆրանսայի Եւ Իտալիոյ Դեսպանները Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի առիթով նախագահած իր Ս. պատարագին ընթացքին աղօթեց առ Աստուած փրկութիւն եւ յաղթանակ պարգեւելու լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական մեղքերը վերածուած են համատարած փտածութեան: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ...

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ  Դիւանագիտական Իր Ճիգերը` Կասեցնելու Համար  Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները»

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Դիւանագիտական Իր Ճիգերը` Կասեցնելու Համար Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ ունեցած իր այցելուներուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը միջազգային եւ արաբական առումով կը շարունակէ դիւանագիտական իր ճիգերը` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Միքաթի նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները ցարդ դրական են` աւելցնելով սակայն, որ կարելի չէ գրաւ դնել իսրայէլեան որեւէ կեցուածքի նկատմամբ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Փետրուար Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 1,4 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2024-ի փետրուար ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 1,06 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2024-ի յունուար ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 1,17 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 0,85 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 1,33 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Միքաթի Ընդունեց Պու Հապիպը Եւ Նախագահեց  Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Հետեւողականութեան  Հատուցում Ընծայելու Նիստին

Միքաթի Ընդունեց Պու Հապիպը Եւ Նախագահեց Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Հետեւողականութեան Հատուցում Ընծայելու Նիստին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց շարք մը լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: Միքաթի եւ Պու Հապիպ քննարկեցին նաեւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնը: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ շեշտեց, որ Միքաթիի հետ...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ  Բուռն Ռմբակոծումներու Ենթակայ Մնալ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Բուռն Ռմբակոծումներու Ենթակայ Մնալ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական մագլցումները զսպելու համար: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Խիամ, Այթարուն, Քֆարքիլա, Ուազզանի, Հասպայա, Ատայսէ, Եարուն, Քֆարքիլա, Ալմա Շաապ եւ Այթա Շաապ շրջանները: Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հիմնադրութեան 46-Ամեակին Առիթով. «Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Յանձնառու Մնալու Թիւ 1701 Բանաձեւի Ամբողջական Գործադրութեան» Շեշտեց Զօր. Առոլտօ Լասարօ

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հիմնադրութեան 46-Ամեակին Առիթով. «Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Յանձնառու Մնալու Թիւ 1701 Բանաձեւի Ամբողջական Գործադրութեան» Շեշտեց Զօր. Առոլտօ Լասարօ

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հիմնադրութեան 46-ամեակին առիթով, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ուղղուելու դէպի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում: ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ յայտնեց, որ թիւ 1701 բանաձեւը լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է` արձանագրուած դէպքերուն պատճառով: «Սակայն անիկա կը մնայ կարեւոր եւ անհրաժեշտ, ինչպէս միշտ:...

Պքերքէի Մէջ.   «Յստակ Է, Որ Ռայի Պատրիարքը Ոչ Մէկ  Թեկնածուի Նկատմամբ Վեթօ Ունի»  Շեշտեց Մըր

Պքերքէի Մէջ. «Յստակ Է, Որ Ռայի Պատրիարքը Ոչ Մէկ Թեկնածուի Նկատմամբ Վեթօ Ունի» Շեշտեց Մըր

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած արտակարգ պայմանները: Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` նկատի ունենալով Կազայի դէմ ընթացող պատերազմը: «Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանցի երեսփոխանները պէտք է պատրաստ ըլլան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց իրենց համոզումը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը պահպանել: Տըրիան ընդունեց երեսփոխաններ Պիլալ Ապտալլան եւ Ֆայսալ Սայեղը, որոնց հետ քննարկեց...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի  Դեսպանները Այցելեցին Ժոմպլաթի

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Ժոմպլաթի

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները` Էրվէ Մակրօ (Ֆրանսա), Լայզա Ճոնսըն (Միացեալ Նահանգներ), Ուալիտ Պուխարի (Սէուտական Արաբիա), Ալա Մուսա (Եգիպտոս) եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի (Քաթար), այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում...

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Օրէնսդրական Շարք Մը Հարցեր

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Օրէնսդրական Շարք Մը Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու պատերազմական զարգացումները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական տագնապը: Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ ինք ողջունած է Պըրրիի ջանքերը ներքին լիբանանեան իմաստով հաւասարակշռութիւնը պահպանելու...

Page 210 of 986 1 … 209 210 211 … 986

Արխիւներ