Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Ենթակայ Փոխադարձ Ռմբակոծումներու

March 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները երէկ սովորականէն աւելի նուազ թափով էին, բայց եւ այնպէս Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը մնաց ենթակայ` ռմբակոծումներու:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին Ռամիա, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Ալմա Շաապ, Խիամ եւ Նաքուրա շրջանները:

Իսրայէլեան օդանաւերը նաեւ թռիչքներով ոտնձգութիւն գործեցին Հասպայայի, Ռաշայա Ֆըխխարի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն վերեւ:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Միթաթ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը` հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրած:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հանիթա եւ Մալիքիէ դիրքերը եւ հոն տեղակայուած իսրայէլացի զինուորներուն ու սարքերուն դէմ ուղղակի հարուածներ հասցուցին:

Նախորդը

Պնաշյիի Մէջ. Ֆրենժիէ. «Բոլոր Հարցերուն Շուրջ Տարակարծիք Են, Սակայն Ինծի Դէմ Ըլլալու` Համաձայն»

Յաջորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Պըրրիի Եւ Ռայիի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.