Վարչապետարանին Մէջ. «Սեփական Մարզի Պաշտօնէութեան Աշխատավարձի Յաւելումին Մասին Պիտի Յայտարարենք Երեքշաբթի Օր» Շեշտեց Պայրամ
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, ինչպէս նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, որոնց հետ քննարկեց սեփական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ կայ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներու լաւ փաթեթ մը, որ պիտի յայտարարուի երեքշաբթի, 19 մարտ 2024-ին, ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող...




















