ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 6000 լ. ոսկիով, մազութին սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.664.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.702.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.548.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 946.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող քաղաքացիները իրաւատէր են եւ կոչուած են իրենց իրաւունքները վերստանձնելու:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մարիա Վըրճինիա Ռուեզ Քանթարը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` կրթական, համալսարանական եւ մշակութային առումով, յատկապէս նկատի ունենալով Արժանթինի մէջ լիբանանեան մեծ գաղութի մը ներկայութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Մեթնի թաղապետները, որոնց հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ծառայութիւններէն օգտուելու օրինագիծին մանրամասնութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքային մէջ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Սամի Հասանի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ դնելու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յոյս յայտնեց, որ միջազգային հասարակութիւնը իր պարտականութիւնը կը կատարէ եւ կը ստիպէ, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Իրանի յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի այցելած է Լիբանան եւ հանդիպում ունեցած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա եւ Քաանի համաձայնած են, որ Հըզպալլա պէտք է սեղմէ իր ակռաները եւ չներքաշուի ընդարձակ պատերազմի մը մէջ, «բացի եթէ Իսրայէլ փորձէ Լիբանան ներխուժել», կը գրէ օրաթերթը:


