Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու իմաստով միջազգային հնգեակի ջանքերը:
Ապի Մունայի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, որ ռամատանի առիթով իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց Ապի Մունային` մաղթելով, որ Աստուած պահպանէ պաղեստինցիները:
Մախզումի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն, որպէսզի գործակցին` պաշտպանելու համար Լիբանանը եւ զայն փրկելու շրջանային տագնապներէ:
Մախզումի հաստատեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը:
Մախզումի նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Ազգային չափաւորական պլոքի նախաձեռնութեան` զայն նկատելով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի ջանքերուն հետ համատեղ նախաձեռնութիւն:


