ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ չընտրելու պատճառ չկայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ իրենց ձայնը կը միացնեն 4 օգոստոսի պայթումի զոհերու մայրերուն եւ արդարութիւն կը պահանջեն: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցնելու Ըսթֆեն Տուէյհի պատրիարքի երանացման աւետիսին իբրեւ արտայայտութիւն: Ան կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը չկասեցնելու` պաշտպանելու համար Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ նաւահանգիստի պայթումին ցաւը տակաւին Պէյրութի յիշողութեան մէջ է, որովհետեւ այդ դէպքին գծով ոչ ոք հաշուետուութեան ենթարկուած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ տագնապը լուծելու ամէնէն արագ միջոցը քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն ու խորհրդակցութիւն կատարելն է:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն թշնամի Իսրայէլին, որ իրենց կամքին վրայ ժխտական ազդեցութիւն բանեցնէ` սովի ենթարկելու զէնքը օգտագործելով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ժամանակաշրջանը արտասովոր փուլ մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ փուլը կը պահանջէ հանրապետութեան արտասովոր նախագահի մը շուրջ համախոհութեան գոյացում:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի վտանգը շատ լուրջ է: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքներն ու հակասահմանադրական նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն խոչընդոտել նախագահական ընտրութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանան ունի բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատեն Մազարեհ Շեպաայի լիբանանեան պատկանելիութիւնը:


