Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան «Սերունդէ սերունդ» կոչուող յատուկ հանդիպումին:
Հանդիպումին ընթացքին մեծ թիւով երիտասարդներ ներկայացուցին 1989-2005 եւ 2005-2016 փուլերուն ընթացքին Ազգային ազատ հոսանքի շարքերուն մէջ իրենց գործունէութեան մասին յուշեր եւ տեղեկութիւններ:
Այս առիթով Պասիլ անդամաքարտեր բաժնեց կուսակցութեան անդամներուն` շեշտելով, որ իրենք կը վստահին անոնց պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան:
Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը իր շարքերու երիտասարդացման ճիգ կը թափէ:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի հետ դաշինքին մասին հարցումի մը` Պասիլ ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է մտածէ, թէ մենք կը զղջանք Հըզպալլայի հետ դաշնակցելով:
«Այն վայրկեանին, որ Հըզպալլա վերադառնայ փոխըմբռնումի համաձայնութեան, մենք ալ կը վերադառնանք: Այդ համաձայնութիւնը երկրին 15 տարուան կայունութիւն ապահովեց: Եթէ Հըզպալլա համագործակցութեան վերադառնայ, մենք պատրաստ ենք գործակցելու», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պասիլ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ իրենց քաղաքական գործունէութիւնը ժողովուրդին հետ կապի մէջ ըլլալու կարիք ունի` Ազգային ազատ հոսանքի շարքերուն մէջ, երկրին մէջ եւ արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային, ինչպէս նաեւ բոլոր մակարդակներուն վրայ:
«Այս ջանքերուն համար է, որ կը սրբագրուի մեր պատկերը, որ աղաւաղուեցաւ մեր դէմ գործուող տեղեկատուական սպանութեան արշաւին պատճառով», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք ընտրանքի մարդիկ են եւ ոչ թէ գրաւի: «Մեր ընտրանքը պետութիւնն է եւ ամբողջական կերպով հոն համերաշխութեամբ ապրիլը: Մեզի համար գրաւի նիւթ չէ, թէ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ո՛վ կը յաղթէ: Մեր ընտրանքը պետութիւնն է, որովհետեւ անիկա է, որ մեզ կը համախմբէ, մեր կեանքը կը կանոնաւորէ եւ կ՛արգիլէ հասարակութեան ու հաստատութիւններու կազմաքանդումը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան հասնելիք հարուածը: Մեր նպատակը պետութիւնն է, իսկ իշխանութիւնը միջոց է», ընդգծեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ այսօր քրիստոնեայ քաղաքացիները մեծ եւ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին` աւելցնելով, որ հաւասարութեան վրայ հիմնուած լիբանանեան ազգային համագործակցութիւնը պէտք է պահուի:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց Լիբանանի փառքին հսկող մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին` համախմբելու քրիստոնեայ քաղաքական ուժերն ու ղեկավարութիւնները:
Ան շեշտեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ անոնց հանդիպումը, եւ իր խօսքը ուղղելով այդ ղեկավարութիւններուն ըսաւ, որ ներկայ ժամանակը յաւելաբանութիւն, թշնամանք եւ քինախնդրութիւն չի կրնար հանդուրժել:
Անդրադառնալով ներկայ կառավարութեան` Պասիլ յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը 1990-2005-ի ընթացքին իշխած վարչակազմին վերանորոգումը կը նկատուի: «Այս կառավարութիւնը Ազգային ուխտին համար աղէտ մըն է, եւ մեզի կը յիշեցնէ հոգատարութեան օրերը, սակայն այս պարագային` լիբանանեան արտադրութեամբ», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեան ակնարկելով Պասիլ շեշտեց, որ այդ մասին ոչ ոք լուռ պէտք է մնայ` աւելցնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, որ տեղահանուածները հիւրընկալելու առումով Լիբանան 55 միլիառ տոլարի ուղղակի ծախս ունի, «տակաւին առանց անդրադառնալու անուղղակի ծախսերուն», նշեց ան:


