Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Մարի, Տհայրա, Եարին, Ժըպպայն, Թէյր Հարֆա, Ատայսէ, Համուլ հովիտ, Այթա Շաապ եւ Նաքուրա շրջանները:
Իսրայէլեան օդանաւերը նաեւ թռիչքներով ոտնձգութիւն գործեցին Հասպայայի, Ռաշայա Ֆըխխարի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն վերեւ:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Քարն, Զըպտին, Պայատ Պլիտա եւ Թայհաթի բարձունք դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ թիրախ դարձնելով այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումներ:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա ու Հատպ Եարին դիրքերը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեցին:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցած:


