Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Հասարակութեան` Զօրակցելու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին

March 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնէ` զօրակցելու համար ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին, որպէսզի ան կատարէ մարդասիրական իր առաքելութիւնը, Լիբանանի եւ դրացի երկիրներուն մէջ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն փոխարինող չկայ` աւելցնելով, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն հիմնուեցաւ շուրջ 75 տարի առաջ, երբ զոյգ պետութիւններ հիմնելու լուծումը ձախողեցաւ:

«Հետեւաբար ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի առաքելութիւնը իր աւարտին կրնայ հասնիլ, երբ այդ լուծումը գործադրուի, այսինքն` երբ ազատ անկախ Պաղեստին մը հիմնուի իր ուրոյն պետութեամբ, որ կ՛երաշխաւորէ պաղեստինցի բոլոր գաղթականներուն հայրենիք տունդարձը», ըսաւ ան:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն, յատկապէս Լիբանանի մէջ, լաւագոյնս գիտէ ինչպէս օժանդակել պաղեստինցի գաղթականներուն` անոնց դիմագրաւած ծանր պայմաններուն եւ մարդկային տարբեր տեսակի տագնապներուն մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր գնահատեց այն երկիրները, որոնք վերատեսութեան ենթարկեցին ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու իրենց որոշումը եւ հաստատեցին, թէ պիտի վերսկսին ֆինանսաւորել ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն եւ նոյնիսկ պիտի աւելցնեն իրենց օժանդակութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ օժանդակութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին կեանքի յոյս կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հանդէպ վստահութիւնը կը վերահաստատէ` պաղեստինցի գաղթականները պաշտպանելու եւ անոնց տարրական կարիքները` ջուր, սննդեղէն եւ դեղորայք, տրամադրելու իմաստով:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մէջ ներդրում կատարելը համազօր է պաղեստինցի ժողովուրդին աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու մէջ ներդրում կատարելուն, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներէն ծայրայեղութեան ուրուականն ու յուսալքումը հեռացնելուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պնաշյիի Մէջ. Ֆրենժիէ. «Բոլոր Հարցերուն Շուրջ Տարակարծիք Են, Սակայն Ինծի Դէմ Ըլլալու` Համաձայն»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.