Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Վիէյրան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թրասիզիօ Քոսթայի:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները` քաղաքական եւ զինուորական առումով, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ տակաւին կը շարունակէ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ իր յարձակումները:

Պըրրի եւ Վիէյրա քննարկեցին նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումի աւարտին Պըրրի եւ Վիէյրա փոխանակեցին յուշանուէրներ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Վիէյրան, որուն հետ քննարկեց վերջինիս Սէուտական Արաբիա եւ Պաղեստինեան հողեր կատարած այցելութեան արդիւնքները: Ան հաստատեց, որ Պրազիլ կարգ մը երկիրներու հետ կը ջանայ ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի անդամակցութիւնը մնայուն դարձնել:

Վիէյրա բարձր գնահատեց լիբանանեան ծագում ունեցող պրազիլցիներուն ունեցած դերակատարութիւնը` Պրազիլի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման առումով:

Ան գնահատեց նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պրազիլական զօրամասին գոյութիւնը կը փաստէ այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդուածութիւնը:

Վիէյրա անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ վերջ տայ հարաւային Լիբանանի դէմ իր գործած բռնարարքներուն, այլ խօսքով` դադրեցնէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը խախտելու իր ընթացքը:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց պրազիլցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ ըսաւ. «Անշուշտ Պրազիլ մեր երկրորդ տունն է, որովհետեւ հոն կ՛ապրի Լիբանանի մէջ ապրող լիբանանցիներուն թիւը գերազանցող լիբանանեան գաղութ մը»:

Պու Հապիպ բարի գալուստ մաղթեց Վիէյրային` նկատել տալով, որ ան այցելած է Յորդանան եւ Ռամալլա ու ապա ժամանած Լիբանան, առանց Իսրայէլ այցելելու, «ինչ որ ինքնին կ՛ուղղէ լուրջ պատգամ մը», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ Կազայի մէջ պատահածը մերժելի է` աւելցնելով, որ անկարելի է ընդունիլ, որ 21-րդ դարուն մարդիկ սովի ենթարկուած են, իսկ միջազգային հասարակութիւնը սննդեղէնի կարիքները հոգալու կարողութիւն չունի:

Պու Հապիպ անդրադարձաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու թղթածրարին` ընդգծելով, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ամբողջ շրջանին եւ աշխարհին համար կարիք է, որովհետեւ ան հոգատարութիւն կ՛ապահովէ պաղեստինցի գաղթականներուն:

Իր կարգին, Վիէյրա հաստատեց, որ այս այցելութիւնը Լիբանան կատարած իր հինգերորդ այցելութիւնն է` աւելցնելով, որ վերջին անգամ Լիբանան այցելած է 2015-ին, երբ Պրազիլի վարչապետ էր եւ օրին այցելած է հարաւային Լիբանան:

Ան նշեց, որ ինք հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան հետ` նկատի ունենալով, որ պրազիլական զօրամաս մը կը ծառայէ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն կողքին:

Վիէյրա նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է զօրակցութիւն յայտնել թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Ան ըսաւ, որ Պրազիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մաս չի կազմեր, սակայն մնացեալ երկիրներուն հետ կ՛աշխատի հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

«Քննարկեցինք նաեւ Կազայի տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեցի, որ կը զօրակցինք զոյգ պետութիւններ հիմնելու լուծման», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Շարունակեց Ռմբակոծել Հարաւային Սահմանագիծը

Յաջորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?