ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները: Պու Հապիպ բարձր գնահատեց Քաթարի շինիչ դերակատարութիւնը` քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական առումով Լիբանանին օժանդակելու իմաստով: Ան մաղթեց, որ Քաթար` բոլոր բարեկամ երկիրներուն հետ գործակցաբար, յաջողի կասեցնել Կազայի դէմ պատերազմը եւ անդորրը վերահաստատել հարաւային Լիբանանի մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Կազայի պատերազմին ճակատագիրը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ չէ կապուած` աւելցնելով, որ այս իմաստով առնուած որեւէ քայլ կամ նախաձեռնութիւն կը միտի բեկում յառաջացնել` նախագահական ընտրութիւնը իրականացնելու առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը անցած է թեկնածուներուն անունները զտելու փուլին` հաստատելով, որ շիի երկեակին մօտ նախագահական ընտրութիւն կատարելու որոշում գոյութիւն չունի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ կոչ ուղղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին մարտահրաւէրներու որոշումներ չկայացնելու եւ երկրին իշխանութիւնը նուազագոյն ձեւով ստանձնելու: Եաագուպ նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթիի նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ցուցաբերած զօրակցութիւնը անոր օգտակար չի կրնար ըլլալ:


