Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ուահապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարտ 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ ճակատումի պարագային բնական է զօրակցիլ Դիմադրութեան` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի դէմ ընդարձակուող իսրայէլեան բռնարարքները դատապարտելի են:

Ուահապ Պասիլի հետ քննարկեց նաեւ կառավարութեան աշխատանքին ընթացքին կատարուած նշանակումներն ու շրջանցումները` ընդգծելով, որ պէտք է նկատի ունենալ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները եւ չիրաւազրկել զայն: «Եթէ կացութիւնը շարունակուի այնպէս, ինչպէս որ է հիմա, ապա անիկա հսկայական հարցերու դռներ պիտի բանայ, հետեւաբար այս իրականութիւնը պէտք է նկատի առնուի դաշնակիցին եւ հակառակորդին կողմէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով մաքսատան ոստիկանութեան թղթածրարին` Ուահապ նշեց, որ պէտք է նշանակել այդ ոստիկանները, սակայն կան հիմնական հարցեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին, «իսկ եթէ պատահածը այլ համայնքի մը պարագային պատահէր, ոչ ոք այդ ձեւով կը վարուէր», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին ակնարկելով` Ուահապ շեշտեց, որ իրենք կարիքը ունին օգտագործելու որեւէ զինադուլ` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը եւ վերականգնելու համար պետական հաստատութիւնները, որպէսզի անոնք աշխատանքի վերսկսին:

Նշենք, որ Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերի: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները:

Պասիլ վերահաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ` սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով:

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանը Վերածելու Նախագահական Ընտրութեան Բաց Նիստերու Դահլիճի Մը

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Պասիլի:

Համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ անկախ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադուլի հաւանականութենէն եւ անոր ունենալիք արդիւնքներէն, լիբանանցիները կոչուած են ամէն գնով պաշտպանելու իրենց հայրենիքը եւ արգիլելու պատերազմին ընդարձակումը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց խորհրդարանը վերածելու ընտրական խորհուրդի մը, այլ խօսքով` խորհրդարանը վերածելու նախագահական ընտրութեան բաց նիստերու դահլիճի մը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել:

Համախմբումը զգուշացուց «հաշմուած» կառավարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու ժամկէտին հանդէպ ցուցաբերուած անտեսումէն` հաստատելով, որ ընտրութիւններուն կայացումը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ երեսփոխաններուն:

 

Նախորդը

Արսալի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վրանները Հրկիզուեցան

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակը Շարունակեց Ռմբակոծել Հարաւային Սահմանագիծը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?