Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պնաշյիի Մէջ. Ֆրենժիէ. «Բոլոր Հարցերուն Շուրջ Տարակարծիք Են, Սակայն Ինծի Դէմ Ըլլալու` Համաձայն»

Մարտ 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին` ընկերակցութեամբ սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Քսսայֆի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը յայտնեցին, որ լիբանանցի ղեկավարներու շրջապտոյտ մը կը կատարեն` իմանալու համար անոնց կեցուածքներն ու տեսակէտները` ներկայ անցուդարձերուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը յարգելը պարտականութիւն է` աւելցնելով, որ կարելի չէ սահմանադրութեան հետ անձնական շահերու հիման վրայ վերաբերիլ, «ինչպէս շատեր կը կատարեն», ըսաւ ան:

Ան մաղթեց, որ նախագահական ընտրութիւնը այսօր իսկ կատարուի, եւ նախագահական ընտրութեան թեկնածուն լիբանանեան ազգային ու քաղաքական կեանքին մէջ պատմութիւն ունեցած անձնաւորութիւն մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ անհատ մը, որուն տեսակէտներն ու կեցուածքները յստակ են:

Ան մաղթեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու նպատակով թեկնածուներու անուններ չյայտնուին:

Ֆրենժիէ նկատել տուաւ, որ 2005-էն ի վեր ինք նախագահական թեկնածու է, «հետեւաբար շիի երկեակը չէ, որ իմ թեկնածութիւնս առաջադրած է, այլ` թեկնածութեանս զօրակցութիւն յայտնած է: Անկարելի է նաեւ նկատի չունենալ ստացուած 51 քուէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 15 քրիստոնեայ երեսփոխաններ ի նպաստ ինծի քուէարկած են եւ կը զօրակցին թեկնածութեանս: Իսկ Դիմադրութեան մասին կեցուածքներս նոր չեն եւ պայմաններու բերումով փոփոխութեան չեն ենթարկուիր: Բոլորին համար յստակ է, որ 2016-ին կրնայի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ, սակայն ես մերժեցի եւ չեմ զղջար անոր համար: Օրին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը տեղեակ պահեցի, որ խորհրդարան պիտի չուղղուիմ, բացի եթէ զօր. Միշել Աունի հետ ձեռք-ձեռքի ըլլայ այդ մէկը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կան քրիստոնեայ երկու հոսանքներ, որոնք կը մերժեն զինք հանրապետութեան նախագահ ընտրել, Ֆրենժիէ ըսաւ. «Բոլոր հարցերուն շուրջ տարակարծիք են, սակայն ինծի դէմ ըլլալու` համաձայն: Արդեօք անոնք կը վախնա՞ն յաջողութիւն կերտելիք հանրապետութեան նախագահէ մը: Նախագահ Աուն խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէներով ընտրուեցաւ, սակայն ան վեց տարուան նախագահական նստաշրջանը իշխեց առանց համախոհութեան», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ նկատել տուաւ, որ ինք Թաէֆի համաձայնագիրին կը զօրակցի` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրին բացթողումները լուծելու համար կարիքը կայ համախոհութեան:

Ան մաղթեց, որ երկրին քաղաքական դասը հասնի արտաքին եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շուրջ ազգային ամբողջական համոզումի եւ պատկերացումի, որուն հիման վրայ աշխատի վերականգնել պետութեան հանգամանքն ու գործադրել տնտեսական բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ յարգել օրէնքները:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իր թեկնածութեան դէմ ամերիկեան կամ սէուտական վեթօ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը բացայայտօրէն յայտարարած է, թէ` «նախագահ ընտրուելուս պարագային, անոնք պատրաստ են հետս գործակցելու»: «Բոլորը քաջ գիտեն, որ առանց Դիմադրութեան հաւանութեան հանրապետութեան նախագահ չկայ, իսկ ոմանք իրենց «լիազօրագրեր»-ը կը ներկայացնեն սեղանին տակէն», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը մասնատելու եւ զայն դաշնակցային պետութեան վերածելու բոլոր տարբերակներն ու վարկածները կը մերժէ` նկատել տալով, որ Լիբանան միայն մէկ կրնայ ըլլալ: «Ազգային ուղեգիծը մեծագոյն յաղթանակողն է, իսկ մեկուսանալ ցանկացող իւրաքանչիւր քաղաքացի, ըլլայ ան քրիստոնեայ թէ իսլամ, պատասխանատուութիւն ստանձնելու ատակ չէ: Ոչ ոք թող յաւելաբանութիւններ կատարէ: Մենք քրիստոնեաները պահեցինք զէնքով ու համաձայնութիւններու ընդմէջէն եւ տոկացինք բոլոր մարտահրաւէրներուն: Մենք ազգային, քրիստոնեայ արաբներ ենք, որ կը հաւատանք Լիբանանի միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան: Մենք Դիմադրութեան կը զօրակցինք` Իսրայէլի դէմ, իսկ եթէ ոմանք այս յատկանիշը յանցանք կը նկատեն, ապա մենք զայն յաւելուած արժէք կը նկատենք», հաստատեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ իր թեկնածութեան կառչած չմնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ «ոմանք կը փորձեն մեր եւ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները խանգարել, սակայն բոլորը թող իմանան, որ 2016-ին, երբ բոլորը լքեցին զիս, միայն Պըրրին էր, որ կողքիս կանգնեցաւ»:

Ֆրենժիէ ակնարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման` աւելցնելով, որ այդ հարցը պէտք է լուծել իրապաշտութեամբ, յստակ գործիքակազմերով եւ տեղահանուածները անջատելով տարբեր տեսակներու:

Ֆրենժիէ ընդգծեց նաեւ, որ մարդկային, ազգային, արաբական եւ քրիստոնէական առումով պէտք է զօրակցիլ Կազային` աւելցնելով, որ եթէ անկարելի ըլլայ լուծման յանգիլ, ապա Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն կեցութիւնը պիտի շարունակուի:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ ընդարձակ պատերազմ չի սանձազերծեր, որովհետեւ գիտէ, թէ Իսրայէլ հսկայական քանդումի պիտի ենթարկուի:

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Հասարակութեան` Զօրակցելու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Ենթակայ Փոխադարձ Ռմբակոծումներու

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?