Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի կէսօրին ուղղուեցան Այն Թինէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, որ Լիբանանի համար հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու ջանքերը կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ ջանքեր ի գործ կը դրուին միասնական ու համախոհական կեցուածք մը որդեգրելու` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:
Մուսա շեշտեց, որ դեսպաններուն իրականացուցած նուաճումը այն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը համոզուեցան, թէ միայն համախոհութեամբ կարելի է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
Պքերքէի Մէջ
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, հինգ դեսպաններէ կազմուած պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Մուսա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը շատ կարեւոր էր` աւելցնելով, որ պատրիարքին ներկայացուցած են այն քայլերը, որոնք պիտի առնուին իրենց կողմէ:
Մուսա ընդգծեց, որ այդ քայլերը պիտի ունենան տարբեր փուլեր:
«Առաջին քայլը պիտի ըլլայ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ հանդիպիլ` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու համար իրենց ներկայացնելիք ուղեգիծին հիման վրայ», յայտնեց ան:
Մուսա նկատել տուաւ, որ հնգեակը շօշափած է որոշ ճկունութիւն մը, որ յառաջիկայ փուլին համար օգտակար պիտի ըլլայ` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով:
Մուսա նշեց, որ միջազգային հնգեակը պիտի օգտուի Ազգային չափաւորական պլոքին շարժումէն: «Մենք մեր գրաւը դրած ենք ներքին լիբանանեան շարժումին վրայ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու միացեալ ենթահող մը ստեղծելու նպատակով», ըսաւ ան:
Մուսա հաստատեց, որ հնգեակը թեկնածուներու մասին չէ, որ կը խորհրդակցի, այլ` յանձնառութեան մասին, որ եթէ քաղաքական ուժերուն կողմէ ապահովուի, ապա աւելի դիւրին պիտի ըլլայ թեկնածուներու անունները առաջադրելը:
Միջազգային հնգեակը կը մաղթէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ցուցաբերեն ճկունութիւն, որովհետեւ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ դիւրացնել նախագահական ընտրութեան տագնապին պարագային բեկում յառաջացնելու քայլերը:
ՄԻՒՍ կողմէ, կարգ մը օրաթերթերու համաձայն, միջազգային հնգեակին եւ ֆրանսացի բանագնաց Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը իրարմէ անջատ են: Նոյն օրաթերթերը աւելցուցին նաեւ, որ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
Կարգ մը այլ օրաթերթեր գրած են նաեւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հրաւիրուած են Տոհա` քաթարցի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ընտրելու հոլովոյթը արագացնելու միջոցները:


