Լիբանանեան

Այսօր Պքերքէի Մէջ Հոգեւոր  Արտակարգ Վեհաժողով

Այսօր Պքերքէի Մէջ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

Այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պքերքէի մէջ պիտի գումարուի մարոնիներու Ռայի պատրիարքին գլխաւորութեամբ վեհաժողով մը` մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ղեկավարներու: Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պքերքէի վեհաժողովը կրնայ յետաձգուիլ` նկատի ունենալով անկէ բխելիք հաղորդագրութեան պատճառով շիիներու անգամ մը եւս բացակայութեան մերժումը:  

Միքաթի. «Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն  Մէջ Իսրայէլեան Մագլցումը Մեղմացնելու  Ամերիկեան Երաշխիքի Նման Բան Մը Ստացանք»

Միքաթի. «Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Իսրայէլեան Մագլցումը Մեղմացնելու Ամերիկեան Երաշխիքի Նման Բան Մը Ստացանք»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Միջազգային հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` հասնելու համար զինադադարի, բանակի դերակատարութեան ամրապնդման եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան»: Միքաթի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը ջանանք միջազգային կանխիկ համաձայնութիւն ապահովել, նախքան մեր կողմէ հարցը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելը, մանաւանդ որ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը Լիբանանին կը կարեկցի»: «Անցեալ շաբաթ ամերիկեան կողմերուն հետ մեր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Հարաւային արուարձաններուն եւ Պէյրութի...

Իսրայէլեան Բանակը Կառավարութեան  Ներկայացուցած Է Լիբանանի Հետ  Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանները

Իսրայէլեան Բանակը Կառավարութեան Ներկայացուցած Է Լիբանանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանները

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կառավարութեան ներկայացուցած է այն պայմանները, որոնց հիմամբ Իսրայէլ կրնայ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացնել` այն պնդումով, որ այդ պայմանները կրնան կայունութեան ու ապահովական նոր իրողութեան յանգեցնել: Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ այդ պայմաններուն նպատակը միայն Հըզպալլայի կարողութիւնները վերացնելը չէ, այլ նաեւ ստեղծելը համակարգերու, որոնք կը նպաստեն Հըզպալլայի վերազինման արգիլման երաշխաւորման: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՏԱԼԻՈՅ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի յայտարարեց, որ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Լիբանան, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ իտալական զօրամասին: Մելոնի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի` Իսրայէլի միակողմանի պահանջին հիմամբ նահանջելը մեծ սխալ պիտի ըլլայ եւ վնասէ ՄԱԿ-ի հաւաստիութեան: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իտալական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ: Ըստ իսրայէլեան բանակին, երկու կողմերը քննարկած...

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Կալանթ. «Պենիամինա Ռազմակայանին Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումին Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք» Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումները` ռմբակոծելով Լիբանանի արեւելքն ու հարաւը` յարձակումներ գործելով Պարաշիթ, Սուլթանիէ, Խըրպեթ Սըլմ, Քֆարտունին, Հանին եւ Ռաշաւ գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի Զղարթա գաւառի Այթօ գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 22 զոհեր: Հըզպալլան հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի կեդրոնը գտնուող Նաթանիա եւ Շարոն շրջաններուն վրայ: Կուսակցութիւնը նաեւ...

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան  Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի եւ Ամմանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Եուսեֆ Ռաժիի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքները, կացութեան զարգացումներն ու շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցումը: Հասսան յայտնեց. «Յորդանանը, Ապտալլա Բ. թագաւորի ցուցմունքով կը կանգնի եղբայրական Լիբանանի կողքին, կը զօրակցի անոր...

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Կարելի Եղածին Չափ  Շուտ Նախագահի Ընտրութեան Ճամբան Կը Բանայ,  Եւ Գնդակը Բոլոր Կողմերուն Դաշտին Մէջ Է»

Պըրրի. «Մաքրոնի Հետ Ամբողջովին Համաձայն Եմ, Իսկ Պլինքընի Մօտ Զինադադարի Հաստատման Հասնելու Վերաբերեալ Լաւատեսութիւն Ներշնչող Բան Չգտայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք չկայ զինադադարի հաստատման անհրաժեշտութեան իր կառչածութիւնը վերահաստատելու կառավարութեան երկրորդ նիստ գումարելու, քանի որոշումը նախարարները, ներառեալ Հըզպալլայի անդամ եղող նախարարները, միաձայնութեամբ որդեգրեցին»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութեան մթնոլորտին նկատմամբ` նշելով, որ անոր հետ ամբողջովին համաձայն է: Պըրրի նշեց, որ Փարիզ կը զօրակցի վարչապետի...

Միքաթի – Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միքաթի – Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնն ու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար ընթացող դիւանագիտական ջանքերը: Միքաթի զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Հիմնականը իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելը, տեղահանուածներուն իրենց շրջաններ վերադարձը, թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրելն ու Իսրայէլին իր յարձակումն ու ոտնձգութիւնները դադրեցնելը, որոշումի ամբողջ պարունակութեան յանձնառու ըլլալ պարտադրելը եւ հարաւի...

«Որոշեցինք Մեր Դիրքերուն Վրայ Մնալ,  Պէտք Է Ոտնձգութիւնները Դադրեցնել  Եւ Գործադրել Թիւ 1701 Որոշումը»  Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբերը

«Որոշեցինք Մեր Դիրքերուն Վրայ Մնալ, Պէտք Է Ոտնձգութիւնները Դադրեցնել Եւ Գործադրել Թիւ 1701 Որոշումը» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբերը

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թենենթի յայտնեց, որ վերջին օրերու ընթացքին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն վիճակը մտահոգիչ է, մանաւանդ իսրայէլեան ուժերու անցնող երեք օրերու ընթացքին անոր դիրքերուն վրայ քանի մը անգամ յարձակում գործելէն ետք: Թենենթի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Առաքելութիւնը, հակառակ յարձակումի ենթարկուելուն, որոշեց մնալ, որովհետեւ այստեղ է Ապահովութեան խորհուրդի պահանջին հիմամբ, եւ Ապահովութեան խորհուրդի պահանջին կ՛ենթարկուի եւ ոչ թէ որեւէ անդամ...

ՄԱԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Տակաւին  Իրենց Դիրքերուն Վրայ Են,  Եւ Կութիերես Կը Յայտնէ, Թէ Զանոնք  Թիրախաւորելը Կրնայ Պատերազմական Ոճիր Ըլլալ»

ՄԱԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Տակաւին Իրենց Դիրքերուն Վրայ Են, Եւ Կութիերես Կը Յայտնէ, Թէ Զանոնք Թիրախաւորելը Կրնայ Պատերազմական Ոճիր Ըլլալ»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող թշնամական արարքներու լոյսին տակ, եւ հակառակ անցնող քանի օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի դիրքերը հարուածած ու խաղաղապահ շարք մը զինուորներ վիրաւորած յարձակումներուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահները տակաւին բոլոր դիրքերուն վրայ են, եւ ՄԱԿ-ի դրօշը տակաւին կը ծածանի, եւ ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ ՖԻՆԻՒԼ-ի նուիրեալ պաշտօնեաները»: «Պէտք է երաշխաւորել ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներու եւ կալուածներու...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դատապարտէ Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Շրջանային  Լարուածութիւնը Մեծցնող Քայլերէն

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իսրայէլի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիրախաւորումը Պենիամին Նեթանիահուի Լիբանանը բռնագրաւելու քաղաքականութեան որդեգրման փաստ է»: «ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը կարեւոր է, մասնաւորաբար տագնապը շրջանին մէջ տարածելու իսրայէլեան մտադրութեան գոյութեան լոյսին տակ», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է արգիլէ ՄԱԿ-ի ուժերը թիրախաւորող յարձակումները»: - ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Էսփեն Փարթ Իտէ յայտնեց, որ բուռն կերպով կը դատապարտէ «խաղաղապահ...

Հարաւային Լիբանանի Ճակատին Վրայ Դէմ Առ Դէմ  Բախումներ, Հրթիռակոծումներ Եւ Օդային Յարձակումներ

Հարաւային Լիբանանի Ճակատին Վրայ Դէմ Առ Դէմ Բախումներ, Հրթիռակոծումներ Եւ Օդային Յարձակումներ

Հըզպալլա «զերօ հեռաւորութեան» վրայ դէմ առ դէմ բախումներ ունեցաւ իսրայէլացի զինուորներու հետ, երբ վերջիններս փորձեցին ներթափանցում կատարել, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի հրետանիներու դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործեց: Հըզպալլա յայտարարեց, որ իսրայէլեան հետեւակ ուժ մը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:05-ին փորձած է հարաւային Լիբանանի Քաուզահ գիւղ ներթափանցել: Կուսակցութեան մարտիկները դէմ դրած են այդ փորձին: Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 10:00-ին...

Հայաստան Միացած Է ՖԻՆԻՒԼ-ին  Աջակցող Միացեալ Յայտարարութեան

Հայաստան Միացած Է ՖԻՆԻՒԼ-ին Աջակցող Միացեալ Յայտարարութեան

Առնուազն 40 պետութիւններ «ամբողջական» զօրակցութիւն յայտնեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին, եւ յորդորեցին պաշտպանել անոր անդամները, որոնցմէ 5-ը չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր վիրաւորուած էին: ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից պետութիւնները Լեհաստանի նախաձեռնութեամբ իրենց հրապարակած նամակին մէջ յայտնեցին. «Տագնապին կողմերը կը յորդորենք յարգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ ամէն պահու երաշխաւորել անոր պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը»: Նշենք, որ Իսրայէլ ուրբաթ...

Օսթին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններէն Դիւանագիտական Հոլովոյթի Անցնիլ»

Օսթին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններէն Դիւանագիտական Հոլովոյթի Անցնիլ»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններէն դիւանագիտական հոլովոյթի անցնիլ»: «Օսթին Կալանթին շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու լիբանանեան բանակի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը», նշեց Փենթակոն: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու...

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլի Վրայ  Իր Յարձակումները Անմիջապէս Դադրեցնելու

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլի Վրայ Իր Յարձակումները Անմիջապէս Դադրեցնելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն շաբաթ օր Հըզպալլան յորդորեց «անմիջապէս դադրեցնելու» Իսրայէլի ռմբակոծումը` յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ պէտք է «անմիջապէս» զինադադար հաստատել: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը: Մաքրոն Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի  հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ պէտք է անմիջապէս զինադադար հաստատել»` Հըզպալլային կոչ ուղղելով` Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները «անմիջապէս դադրեցնելու»: Մաքրոն նաեւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի վրայ...

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Պըրրի. «Կը Հաստատենք Անմիջական Զինադադարի  Հաստատումը, Հարաւի Մէջ Բանակի Տեղակայումը  Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրումը  Պահանջող Պաշտօնական Կեցուածքը»

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Պըրրի. «Կը Հաստատենք Անմիջական Զինադադարի Հաստատումը, Հարաւի Մէջ Բանակի Տեղակայումը Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրումը Պահանջող Պաշտօնական Կեցուածքը»

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութիւնն ու իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու քաղաքական ջանքերը: Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց լիբանանեան կառավարութեան կողմէ որդեգրուած պաշտօնական կեցուածքը, որ զինադադարի անմիջական հաստատումը եւ առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին մինչեւ միջազգային սահմաններ լիբանանեան բանակի տեղակայումը կը...

Քալիպաֆ. «Լիբանանի Մէջ Կառավարութեան  Եւ Դիմադրութեան Որդեգրած Բոլոր  Որոշումներուն Պիտի Զօրակցինք»

Քալիպաֆ. «Լիբանանի Մէջ Կառավարութեան Եւ Դիմադրութեան Որդեգրած Բոլոր Որոշումներուն Պիտի Զօրակցինք»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ շաբաթ օր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով այցելեց Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քալիպաֆ Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Գերագոյն հոգեւոր պետին, հանրապետութեան նախագահին եւ մեր ժողովուրդին կողմէ լիբանանցի ժողովուրդին ու Դիմադրութեան զօրակցութեան պատգամ մը կը բերեմ»: «Պիտի մեկնիմ Ժընեւ եւ...

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիոյ Օժանդակութիւններու  Ճամբով Քայլը Հաստատօրէն Զինադադարի  Հաստատման Եւ Հանդարտեցման  Դիւանագիտական Ջանքերու Պիտի Վերածուի»

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիոյ Օժանդակութիւններու Ճամբով Քայլը Հաստատօրէն Զինադադարի Հաստատման Եւ Հանդարտեցման Դիւանագիտական Ջանքերու Պիտի Վերածուի»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ վերջինիս տան մէջ հանդիպումէն ետք շեշտեց. «Պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատել»: «Օժանդակութիւններու տրամադրման սէուտական շարժումը հաստատօրէն զինադադարի հաստատման եւ հանդարտեցման ջանքերու պիտի վերածուի», նշեց դեսպանը: Միքաթի յայտնեց, որ դեսպանը զինք տեղեակ պահած է յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական օդանաւերու Պէյրութ ժամանման մասին: «Ես...

Պասիլ. «Լիբանանը Շիիներէն Պարպելու  Գործողութիւնը Լիբանանի Գոյութեան  Ուղղուած Հարուած Է, Ներքին Քաոսի  Պատրաստութիւն` Հասնելով Մինչեւ  Քաղաքացիական Պատերազմ»

Պասիլ. «Լիբանանը Շիիներէն Պարպելու Գործողութիւնը Լիբանանի Գոյութեան Ուղղուած Հարուած Է, Ներքին Քաոսի Պատրաստութիւն` Հասնելով Մինչեւ Քաղաքացիական Պատերազմ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կարելի չէ մասնատել կամ համեմատականութեան ենթարկել` նշելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը 13 հոկտեմբեր 1990-ին մերժեց սուրիական հոգատարութիւնը, իսկ այսօր` 13 հոկտեմբեր 2024-ին կը յայտարարէ մերժումը իսրայէլեան բռնագրաւումին: Պասիլ ըսաւ, որ ճիշդ է, որ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու պատրուակի կարիք չունի եւ յուլիս 2006-ին իր կրած...

Մեհրապի Որոշումէն Ետք.  «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը,  Որ Կը Խոստանայ Պետութեան Շրջագիծէն  Դուրս Խմբաւորում Կամ Զէնք Չձգել»  Կ՛ըսէ Ժահժահ

Մեհրապի Որոշումէն Ետք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Կը Խոստանայ Պետութեան Շրջագիծէն Դուրս Խմբաւորում Կամ Զէնք Չձգել» Կ՛ըսէ Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանանը այսօր ընկղմող առանց նաւապետի նաւի պէս է եւ իր ամէնէն դժուարագոյն օրերէն կ՛անցնի: Լիբանան մէկ տարիէ ի վեր մուտք գործեց շարունակուող պատերազմի արհաւիրքին մէջ, որ վերջ կու տայ մարդոց եւ քարին, եւ լիբանանցիները նոր տառապանքի եւ մտահոգութեան մատնուեցան»: «Այսօր պէտք է որդեգրել ազգային կեցուածք մը` փորձելով դադրեցնել լիբանանցիներուն տառապանքը,...

Page 173 of 986 1 … 172 173 174 … 986

Արխիւներ