Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Կառավարութեան Ներկայացուցած Է Լիբանանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանները

October 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կառավարութեան ներկայացուցած է այն պայմանները, որոնց հիմամբ Իսրայէլ կրնայ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացնել` այն պնդումով, որ այդ պայմանները կրնան կայունութեան ու ապահովական նոր իրողութեան յանգեցնել:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ այդ պայմաններուն նպատակը միայն Հըզպալլայի կարողութիւնները վերացնելը չէ, այլ նաեւ ստեղծելը համակարգերու, որոնք կը նպաստեն Հըզպալլայի վերազինման արգիլման երաշխաւորման:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ այդ պայմաններէն մէկը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնն է, ներառեալ Լիբանանի մէջ միլիսներու զինաթափումը:

Իսրայէլեան բանակին մէկ այլ նախապայմանը կը վերաբերի «միջազգային հսկողութեան», մասնաւորաբար Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ` արգելք հանդիսանալու համար Հըզպալլայի վերազինման եւ Իրանէն զէնքերու տեղափոխման:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ «ամբողջ Լիբանանի մէջ հետախուզական վերահսկողութիւն եւ զինադադարի վրայ վերահսկողութիւն» պահանջեց, «մասնաւորաբար Սուրիա-Լիբանան սահմանի երկայնքին եւ հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ»:

Չորրորդ պայմանը` իսրայէլեան բանակին արտօնելն է ապագային, այսինքն` պատերազմի աւարտէն ետք, լիբանանեան հողերուն մէջ ցամաքային ներթափանցումներ եւ «զինուորական սահմանափակ գործողութիւններ» կատարելը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի. «Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Իսրայէլեան Մագլցումը Մեղմացնելու Ամերիկեան Երաշխիքի Նման Բան Մը Ստացանք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.