Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք չկայ զինադադարի հաստատման անհրաժեշտութեան իր կառչածութիւնը վերահաստատելու կառավարութեան երկրորդ նիստ գումարելու, քանի որոշումը նախարարները, ներառեալ Հըզպալլայի անդամ եղող նախարարները, միաձայնութեամբ որդեգրեցին»:
Ան գոհունակութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութեան մթնոլորտին նկատմամբ` նշելով, որ անոր հետ ամբողջովին համաձայն է:
Պըրրի նշեց, որ Փարիզ կը զօրակցի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր ժողովէն բխած հաղորդագրութեան` աւելցնելով. «Ձեւին նկատմամբ ոմանց առարկութիւնը չի ծածկեր հրապարակուած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ըլլայ այդ զինադադարը, առ ի պատրաստութիւն թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան բանակը հարաւի մէջ տեղակայելը կամ ոեւէ մէկու մարտահրաւէր չներկայացնող հանրապետութեան նախագահի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը»:
«Հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը ժողովը միայն իսլամ ղեկավարներով եւ առանց քրիստոնեաներու մասնակցութեան գումարման ընդդիմացող խումբին պահանջներուն կը հակասէ՞», հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրի ըսաւ, որ Մաքրոնի հետ իր հեռաձայնային երկարատեւ հաղորդակցութիւնը դրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած է, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին: «Բազմաթիւ անգամ կրկնեցի պատերազմը դադրեցնելու լիբանանեան կեցուածքը, սակայն Պլինքընէն չտեսայ նոյնպիսի փափաք մը, որ զինադադադարի հաստատման նկատմամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ», նշեց ան:
Մեկնաբանելով ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի խօսքը, թէ ինք «1701+»-ի գործադրման կը զօրակցի, խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ինք չի գիտեր, թէ այդ պահանջով ի՛նչ կ՛ուզէ ըսել, «յամենայն դէպս մեզի որոշումը թող տայ եւ անոր գործադրութիւնը դիւրացնէ, եւ «առաւել»-ը իր մօտ կը ձգենք»:
Ինչ կը վերաբերի «Մեհրապի հանդիպում»-էն բխած հաղորդագրութեան, Պըրրի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուին նախապայմաններ կը ճշդէ, եւ կ՛ուզէ զինք կանխաւ քննութեան ենթարկել` պայման դնելով, որ ան ճանչնայ (ՄԱԿ-ի) թիւ 1559 եւ թիւ 1680 որոշումները, թէեւ կոչ ուղղեցինք համաձայնութիւն գոյացնելու նախագահի մը շուրջ, որուն շուրջ խորհրդարանի մեծամասնութեան զօրակցութեամբ համախոհութիւն կայ, ապահովելով երեսփոխաններու երկու երրորդին (առնուազն 86 երեսփոխան) քուէները, եւ ոչ ոքի մարտահրաւէր կը ներկայացնէ»: