Այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պքերքէի մէջ պիտի գումարուի մարոնիներու Ռայի պատրիարքին գլխաւորութեամբ վեհաժողով մը` մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ղեկավարներու:
Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պքերքէի վեհաժողովը կրնայ յետաձգուիլ` նկատի ունենալով անկէ բխելիք հաղորդագրութեան պատճառով շիիներու անգամ մը եւս բացակայութեան մերժումը:


