Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոշեցինք Մեր Դիրքերուն Վրայ Մնալ, Պէտք Է Ոտնձգութիւնները Դադրեցնել Եւ Գործադրել Թիւ 1701 Որոշումը» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբերը

October 15, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թենենթի յայտնեց, որ վերջին օրերու ընթացքին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն վիճակը մտահոգիչ է, մանաւանդ իսրայէլեան ուժերու անցնող երեք օրերու ընթացքին անոր դիրքերուն վրայ քանի մը անգամ յարձակում գործելէն ետք:

Թենենթի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Առաքելութիւնը, հակառակ յարձակումի ենթարկուելուն, որոշեց մնալ, որովհետեւ այստեղ է Ապահովութեան խորհուրդի պահանջին հիմամբ, եւ Ապահովութեան խորհուրդի պահանջին կ՛ենթարկուի եւ ոչ թէ որեւէ անդամ պետութեան պահանջին: ՄԱԿ-ի համար կարեւոր է այս դիրքերուն վրայ ըլլալ, որպէսզի ՄԱԿ-ի դրօշը ծածանի հարաւային Լիբանանի վերեւ: Ուստի որոշեցինք մնալ, սակայն կացութիւնը շատ դժուար է»:

«(ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ Իսրայէլի) յարձակումը ոչ միայն թիւ 1701 որոշումի ոտնահարում է, այլ նաեւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտում, որովհետեւ կողմերը պարտաւորուած են յարգել խաղաղապահ ուժերը եւ պաշտպանել անոնց անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը», շեշտեց Թենենթի:

Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերու ներկայ աշխատանքին` ան ըսաւ, որ անոնք կը շարունակուին, սակայն ուժերու շարժումները սահմանափակ դարձած են, որովհետեւ կեդրոնատեղիներէն դուրս գալը դժուար է:

«Կը շարունակենք դիտարկել եւ մեր զեկուցումները յղել Ապահովութեան խորհուրդին, եւ կարելի եղածին չափ կը փորձենք օգնել հարաւի բնակիչներուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր գիւղերուն մէջ բանտարկուած են, սակայն այդ ջանքերը տակաւին դժուար են, որովհետեւ մեր ուժերուն ու մարդասիրական պատուիրակներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ», նշեց ան:

«Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կը յանգեցնէ շրջանային տագնապի` անկէ բխող բոլոր աղէտալի հետեւանքներով», ըսաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը` կոչ ուղղելով վերադառնալու թիւ 1701 որոշումին, «որ աւելի քան երբեւէ օրինական կը թուի, սակայն կարիքը ունի գործադրութեան»:

«Թիւ 1701 որոշումին մէջ նշուած բոլոր կէտերը շատ օրինական են, եւ պէտք է զանոնք գործադրենք, սակայն գործադրելու համար կարիքը կայ, որ բոլոր կողմերը անոր յանձնառու ըլլան հարաւի մէջ կայունութիւն հաստատելով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը այդ շրջաններ վերադառնայ, օդային ու ցամաքային ոտնձգութիւնները դադրեցուին եւ լիբանանեան կողմին մէջ Լիթանի գետէն Կապոյտ գիծի վրայ ապազինում ըլլայ, որովհետեւ լուծումը թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրումն է», յայտնեց Թենենթի:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնած է, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ը անօգուտ է եւ իսրայէլացիներուն պաշտպանութիւն չապահովեց»:

Նախորդը

ՄԱԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Տակաւին Իրենց Դիրքերուն Վրայ Են, Եւ Կութիերես Կը Յայտնէ, Թէ Զանոնք Թիրախաւորելը Կրնայ Պատերազմական Ոճիր Ըլլալ»

Յաջորդը

Միքաթի – Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.