Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանը Շիիներէն Պարպելու Գործողութիւնը Լիբանանի Գոյութեան Ուղղուած Հարուած Է, Ներքին Քաոսի Պատրաստութիւն` Հասնելով Մինչեւ Քաղաքացիական Պատերազմ»

October 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կարելի չէ մասնատել կամ համեմատականութեան ենթարկել` նշելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը 13 հոկտեմբեր 1990-ին մերժեց սուրիական հոգատարութիւնը, իսկ այսօր` 13 հոկտեմբեր 2024-ին կը յայտարարէ մերժումը իսրայէլեան բռնագրաւումին:

Պասիլ ըսաւ, որ ճիշդ է, որ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու պատրուակի կարիք չունի եւ յուլիս 2006-ին իր կրած պարտութենէն ի վեր վրէժ լուծելու կը ձգտի, սակայն նոյնքան ճիշդ է, որ Կազային թիկունք կանգնիլը անոր տուաւ Լիբանանը հարուածելու ամբողջական ծիր մը, եւ Լիբանանը զրկեց անոր մնայուն սկզբունքէն, որ ան միշտ ինքնապաշտպանութեան դիրքի վրայ է եւ երբեք յարձակողական դիրքի վրայ չէ եղած:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան միացեալ տեսքով միացեալ կեցուածք որդեգրելու, որ Լիբանանի կողմէ զինադադար կը յայտարարէ` ընդգծելով, որ ատիկա բնաւ լիբանանեան որեւէ հողի իսրայէլեան բռնագրաւումի դիւրացում չէ, այլ զայն մերկացնելն ու հող բռնագրաւելու անոր փորձը արգիլելը:

«Անկախ ճակատամարտի դաշտերու միաւորման մեր մեծ ընդդիմութենէն եւ անոր ձախողութենէն` թիկունք կանգնելու պատերազմին ու անոր ազդու չըլլալուն, որմէ ետք Լիբանան իրեն թիկունք կանգնողի պէտք ունեցաւ, մենք այսօր այս ճակատամարտի սրտին մէջ ենք` արգելք հանդիսանալու, որ իսրայէլացի թշնամին անգամ մը եւս մեր հողը գրաւէ», նշեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:

Պասիլ ըսաւ, որ Իսրայէլ միայն Հըզպալլան չի թիրախաւորեր, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանը եւ անոր հողերն ու ժողովուրդը:

Ան զգուշացուց լիբանանցիները դասաւորումներու ենթարկելու, անոնց հայրենիքը մասնատելու եւ անոնց միասնականութիւնը հարուածելու ծրագիրներու մեղսակից դառնալէ, «որովհետեւ այդ է Իսրայէլի ուզածը, որ լիբանանեան բնորդը կը նկատէ իր միակողմանիութեան հակասող եւ իր գոյութեան սպառնալիք: Ան կ՛ուզէ ինքզինք շրջապատել համայնքային եւ իրարու դէմ պայքարող փոքրիկ պետութիւններով, ըլլայ այդ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ, եւ այս է 1975-էն ի վեր անոր ծրագիրը»: Պասիլ նաեւ շեշտեց ժողովրդագրական տեղափոխման դէմ դնելու եւ ներքին տեղահանուածները հիւրընկալելու անհրաժեշտութիւնը, մինչեւ որ անոնք ապահով կերպով վերադառնան իրենց բնակավայրերը:

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը ըսաւ, որ պիտի շարունակէ ձայն բարձրացնել` բացայայտելու համար սադրանքը անոնց, որոնք պատմութեան մայթին վրայ կը սպասեն, եւ անոնց չարտօնելու Լիբանանն ու քրիստոնեաները նոր, սուղ եւ պարտութեան դատապարտուած ցնորքներու եւ սադրանքներու մէջ ներքաշել: Այդ պատճառով ալ ան զինեալ ուժերը եւ մինչեւ իսկ մարդիկը պատասխանատու նկատեց սիրելու հիւրերը եւ չարտօնելու զանոնք հիւրընկալող շրջաններու զաւակներուն միջեւ որեւէ սադրանք:

«Ժամանակն է, որ լիբանանցիները զուտ լիբանանեան շահերը ընտրեն, փոխան շահերուն որեւէ առանցքի, որ ի յայտ եկաւ ու հաստատուեցաւ, որ անոնցմէ ոմանց շահերը այլեւս լիբանանեան շահերուն մեծապէս կը հակասեն», յայտնեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ իրենք նախ եւ առաջ կ՛ուզեն Լիբանան մը, որ ապահով հայրենիք է` պաշտպանութեամբը անոր բանակին, երկրորդ` 10452 քառակուսի քիլոմեթր հայրենիք մը, որուն տարածքը փորձարկման եւ հաշիւներ մաքրելու դաշտ չէ, իսկ անոր զաւակները ոեւէ մէկու մօտ սահմանապահ կամ զինուոր չեն, իսկ երրորդ` Լիբանանը զանց կացուցել արտաքին որեւէ տագնապէ, որուն մէջ ան շահ չունի, «որովհետեւ կը վախնանք երկու անգամ գին վճարել, առաջին անգամ հակամարտողներուն միջեւ բախումին գինը, եւ երկրորդ անգամ հաշտուողներու փոխհասկացողութեան գինը»:

«Լիբանանը շիիներէն պարպելու գործողութիւնը Լիբանանի գոյութեան ուղղուած հարուած է, ներքին քաոսի պատրաստութիւն` հասնելով մինչեւ քաղաքացիական պատերազմ», ըսաւ Պասիլ:

Ինչ կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, ան նշեց, որ գոյութիւն ունի կողմ մը, որ կ՛ուզէ նախագահի ընտրութիւնը ուշացնել, յուսալով հասնիլ այն պահուն, երբ Իսրայէլ իր ձեռքը կ՛առնէ լիբանանեան որոշումը եւ նախագահ մը կը պարտադրէ լիբանանցիներուն, «կարծէք անոնք դաս չեն առած իրենց անցեալէն»:

Իր խօսքը երկրորդ կողմին ուղղելով ըսաւ, որ պատերազմը ի յայտ բերաւ ու կը բերէ առեւտրականներ, որոնք պատրաստ են տաճարը ծախելու, գերիշխանութենէն զիջումներ կատարելու, հողը լքելու իշխանութեան առաջին դիրքին տիրանալու խոստումներու, երազներու կամ ցնորքներու դիմաց:

Պասիլ ընդգծեց, որ նախագահի մը շուրջ համաձայնութեան որոնումը առանց յուսահատութեան պիտի շարունակուի:

Նախորդը

Մեհրապի Որոշումէն Ետք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Կը Խոստանայ Պետութեան Շրջագիծէն Դուրս Խմբաւորում Կամ Զէնք Չձգել» Կ՛ըսէ Ժահժահ

Յաջորդը

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիոյ Օժանդակութիւններու Ճամբով Քայլը Հաստատօրէն Զինադադարի Հաստատման Եւ Հանդարտեցման Դիւանագիտական Ջանքերու Պիտի Վերածուի»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.