Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններէն դիւանագիտական հոլովոյթի անցնիլ»:
«Օսթին Կալանթին շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու լիբանանեան բանակի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը», նշեց Փենթակոն:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը «Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտալի կացութեան դարմանման համար քայլեր որդեգրելու կարեւորութիւնը շեշտեց»:


