Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Պըրրի. «Կը Հաստատենք Անմիջական Զինադադարի Հաստատումը, Հարաւի Մէջ Բանակի Տեղակայումը Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրումը Պահանջող Պաշտօնական Կեցուածքը»

October 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութիւնն ու իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու քաղաքական ջանքերը:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց լիբանանեան կառավարութեան կողմէ որդեգրուած պաշտօնական կեցուածքը, որ զինադադարի անմիջական հաստատումը եւ առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին մինչեւ միջազգային սահմաններ լիբանանեան բանակի տեղակայումը կը պահանջէ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի ջանքերուն` գումարելու Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողով մը` շրջանցելու համար աւելի քան մէկ միլիոն 200 հազար անձերու տեղահանումէն յառաջացած մարդասիրական տագնապը եւ ամրացնելու անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանի օգնելու կարելիութիւնները:

Պըրրի դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային ու անոր նախագահին տարբեր մակարդակներու վրայ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին աջակցելու անոնց թափած ջանքերուն համար:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին կառչած կը մնայ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան եւ իր նախապէս յայտարարած բոլոր սկզբունքներուն` նախ եւ առաջ անմիջական զինադադարի հաստատման` նշելով, որ ատիկա փոխանցած է իրեն հետ բոլոր կապ հաստատողներուն:

Մեկնաբանելով Լիբանանի ճակատը Կազայէն անջատելու հարցը` Պըրրի նշեց. «Մենք Կազայի մէջ զինադադարը չնշեցինք, եւ ճակատներու անջատումը կամ իրարու կապելը չնշեցինք, ուստի թող իւրաքանչիւր կողմ կամ անձ իր ուզածին պէս մեկնաբանէ, մեր կեցուածքը յստակ է»:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զինադադար բառը տասը անգամ կրկնած է:

Պըրրի ֆրանսական դիրքորոշումը նկատեց հոյակապ եւ լիբանանեան դիրքորոշումին համահունչ, մասնաւորաբար զինադադարի վրայ Փարիզի պնդումին ու Իսրայէլին Լիբանանի եւ Կազայի մէջ օգտագործած զէնքերը չմատակարարելու կոչին, ինչպէս նաեւ պետութեան հաստատութիւններուն ու տեղահանուածներուն օգնելուն լոյսին տակ:

«Ֆրանսական դիրքորոշումը յառաջադէմ է, մասնաւորաբար ի տես Փարիզի` Լիբանանին քաղաքական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ օգնելու համար հրաւիրած խորհրդաժողովին, որ պիտի գումարուի այս ամսուան 24-ին», ըսաւ ան:

«Ֆրանսացիները մեզի նման կառչած կը մնան թիւ 1701 որոշումին, ինչպէս նաեւ ջանքերուն` հասնելու այդ խորհրդաժողովին մէջ շրջանային ու միջազգային հովանաւորութեամբ քաղաքական լուծման, որուն համաձայն կ՛ըլլան լիբանանցիները», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:

«Այս խորհրդաժողովին մէջ արաբական ներկայութիւնը չենք մոռնար, որովհետեւ Լիբանանի կողքին կանգնելու արաբական եղբայրական ու բարեկամական պետութիւններու դերակատարութեան, արաբականութեան եւ երբայրութեան սկզբունքներուն ու Լիբանանի տագնապներուն ու դժուարութիւններուն մէջ Լիբանանի իսկական թիկունք ըլլալու արաբական պետութիւններուն յաճախակի կեցուածքին կը յուսանք», ըսաւ Պըրրի:

Ան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը դրական էր, եւ անոր հետ տեսակէտներու համընկնում գոյութիւն ունէր:

Պըրրի նաեւ դրական նկատեց Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը` նշելով. «Ամերիկացիները եւս թիւ 1701 որոշումին ու զինադադարի մասին կը խօսին, սակայն կը խօսին այն, որ չեն գործեր, կը լսենք անոնց լաւ խօսքերը եւ զանոնք կը հաւնինք, սակայն անոնց արարքները չենք տեսներ: Կը սպասենք, որ անոնք զինադադար հաստատելու համար աւելի ճնշում բանեցնեն, եւ յառաջիկայ փուլին հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին»:

«Զինադադարը կրնայ մօտալուտ չըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պատերազմի դաշտին վրայ Հըզպալլայի դիրքը շատ լաւ է, եւ ատիկա կրնայ օգտակար ըլլալ, մասնաւորաբար Իսրայէլը մաշումի ենթարկելու կացութեան մէջ է, եւ միջազգային ընտանիքը ամբողջ տարի մը լուռ մնաց Կազայի վրայ անոր պատերազմին նկատմամբ, եւ չի կրնար այդ լռութեան մէջ մնալ»:

«Թիւ 1559 որոշումին մասին խօսքերը քաղաքական են, որովհետեւ թիւ 1701 որոշումը կը ջնջէ 1559-ն», ըսաւ ան:

Պըրրի ըսաւ, որ ճիշդ չէ այն կարծիքը, որ թիւ 1701 որոշումը թիւ 1559 որոշումին վրայ հիմնուած է, «ես թիւ 1701 որոշումին վրայ Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Ուելշի հետ աշխատեցայ: ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումներուն նախաբանին մէջ կը նշուին զանոնք նախորդած որոշումները, սակայն Լիբանան 2006 թուականէն ի վեր թիւ 1701 որոշումը կը յարգէ, եւ անիկա ուժի մէջ եղող միակ որոշումն է, ուստի ոչ ոք թիւ 1559-ի մասին կը խօսի, ոչ իսկ Պլինքընը ինծի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խօսեցաւ թիւ 1701 որոշումին մասին»:

Պըրրի չծածկեց իր կասկածները, թէ իսրայէլացիները կը մտածեն թիւ 1701 որոշումէն դուրս գալ, «մանաւանդ, որ Թել Աւիւն է, որ հազարաւոր անգամներ որոշումը խախտեց եւ զայն չյարգեց»:

Անդրադառնալով Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի Պէյրութ այցելութեան` Պըրրի ըսաւ. «Այցելութիւնը զօրակցական է, եւ անոր նպատակը Լիբանանի կողքին կանգնիլն ու անոր կացութեամբ հետաքրքրուիլն է, եւ Իրան կ՛ուզէ զինադադար հաստատել»:

«Քալիպաֆ Լիբանանին օժանդակութեան տրամադրում յայտարարեց, եւ անիկա պիտի տրամադրուի աջակցելու համար լիբանանեան պետութեան ու անոր կառոյցներուն, եւ այդ մասին ան ըսաւ Միքաթիին», նշեց Պըրրի:

 

 

Նախորդը

Քալիպաֆ. «Լիբանանի Մէջ Կառավարութեան Եւ Դիմադրութեան Որդեգրած Բոլոր Որոշումներուն Պիտի Զօրակցինք»

Յաջորդը

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլի Վրայ Իր Յարձակումները Անմիջապէս Դադրեցնելու

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.