Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Որոշումէն Ետք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Կը Խոստանայ Պետութեան Շրջագիծէն Դուրս Խմբաւորում Կամ Զէնք Չձգել» Կ՛ըսէ Ժահժահ

October 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանանը այսօր ընկղմող առանց նաւապետի նաւի պէս է եւ իր ամէնէն դժուարագոյն օրերէն կ՛անցնի: Լիբանան մէկ տարիէ ի վեր մուտք գործեց շարունակուող պատերազմի արհաւիրքին մէջ, որ վերջ կու տայ մարդոց եւ քարին, եւ լիբանանցիները նոր տառապանքի եւ մտահոգութեան մատնուեցան»:

«Այսօր պէտք է որդեգրել ազգային կեցուածք մը` փորձելով դադրեցնել լիբանանցիներուն տառապանքը, որովհետեւ լիբանանցիները իրենց բոլոր համայնքներով արժանի են արժանապատիւ ու ապահով կեանքի: Ներկայ այս ողբերգական կացութեան մէջ ոմանք իրենց կեցուածքներուն վրայ կը պնդեն: Ներկայ օրերը կէս-լուծումներու օրեր չեն, որովհետեւ առանց պետութեան կառուցման կայունութիւն չկայ», ըսաւ ան:

Ժահժահ յայտնեց. «Ներկայ նոր փուլին, տիրապետութեան եւ պատերազմի որոշումին պատճառով տաճարը բոլորին գլխուն փլելէն ետք պէտք է վերականգնել պետութիւնը»:

«Ժողովուրդին ներկայ կացութեան մէջ հանդիպում մը, կեցուածք մը, նախաձեռնութիւն մը եւ ճամբու յստակ քարտէս մը պէտք էր` ամբողջացնելով արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու ընդդիմութեան կեցուածքները: Հրատապ կարիքը նախ եւ առաջ զինադադարի հաստատում կը պահանջէ», աւելցուց ան:

«Այսօր իշխող խմբակը կառչած կը մնայ իշխանութեան առանց որեւէ քայլ կատարելու, եւ միջազգային ընտանիքը վստահութիւն չունի ձախողած իշխող համակարգին նկատմամբ, որ Լիբանանը ձախող պետութեան վերածեց», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը` նշելով. «Պատերազմի տառապանքէն ետք, ճգնաժամէն դուրս գալու համար պէտք է յստակ ու թափանցիկ ճամբու քարտէս մը, որ կը սկսի զինադադարով, եւ ատոր համար մեզի կը մնայ միայն ընտրել հաւաստի նախագահ մը, որ աշխատանք կը տանի թիւ 1559, թիւ 1680 եւ թիւ 1701 որոշումներու եւ Թաէֆի համաձայնութեան անոնց առնչակից կէտերը գործադրելու»:

Ժահժահ կոչ ուղղեց` «ընտրելու նախագահ մը, որ կը խոստանայ պետութենէն դուրս որեւէ խմբաւորում եւ զէնք չձգել, եւ ասիկա չի նշանակեր, թէ կայ յաղթող խումբ մը եւ պարտուող այլ խումբ մը, այլ ամբողջ ժողոովուրդը յաղթական պիտի ըլլայ»:

«Լիբանանի վրայ իսրայէլեան թշնամական քաղաքականութիւնը մեզ կը ստիպէ չսպասել, որովհետեւ պարտութիւնը մեզի չի խնայեր, եթէ թոյլ գտնուինք եւ պետութեան կառուցման ճակատամարտէն ետդարձ կատարենք», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանանը Շիիներէն Պարպելու Գործողութիւնը Լիբանանի Գոյութեան Ուղղուած Հարուած Է, Ներքին Քաոսի Պատրաստութիւն` Հասնելով Մինչեւ Քաղաքացիական Պատերազմ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.