Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Իսրայէլեան Մագլցումը Մեղմացնելու Ամերիկեան Երաշխիքի Նման Բան Մը Ստացանք»

October 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Միջազգային հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` հասնելու համար զինադադարի, բանակի դերակատարութեան ամրապնդման եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան»:

Միքաթի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը ջանանք միջազգային կանխիկ համաձայնութիւն ապահովել, նախքան մեր կողմէ հարցը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելը, մանաւանդ որ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը Լիբանանին կը կարեկցի»:

«Անցեալ շաբաթ ամերիկեան կողմերուն հետ մեր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Հարաւային արուարձաններուն եւ Պէյրութի մէջ (իսրայէլեան) մագլցումը մեղմացնելու երաշխիքի մէկ տեսակը ապահովեցինք, եւ ամերիկացիները զինադադարի հասնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու նկատմամբ լջօրէն տրամադրուած են», ըսաւ ան:

«Անցեալ շաբաթ նախարարաց խորհուրդին մէջ որդեգրեցինք որոշում մը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու, որպէսզի զինադադարի հաստատման որոշում որդեգրէ` ընդգծելով մեր ամբողջական յանձնառութիւնը թիւ 1701 որոշումի գործադրման եւ բանակի հարաւ ուղարկման», ըսաւ ան:

«Թիւ 1701 որոշումն է լուծումը, ուստի կրճատենք ներկայ կացութիւնը եւ այդ որոշումին գործադրութեան դիմենք, մանաւանդ որ բանակը պատրաստ է հարաւային Լիբանանի մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու` գործակցութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն», նշեց Միքաթի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանան երաշխիքներ ստացա՞ծ է, թէ օդակայանը եւ հիմնական կառոյցները յարձակումի պիտի չենթարկուին, Միքաթի ըսաւ. «Բացարձակապէս երաշխիքներ չկան, սակայն այդ կառոյցներու պաշտպանութիւնը կը կատարուի բոլոր պատրուակները վերացնելու քայլերու որդեգրումով, ըլլայ այդ օդակայանի կամ ցամաքային անցակէտերու եւ նաւահանգիստներու մէջ: Օդակայանին մէջ խիստ միջոցառումներու որդեգրումը իսրայէլեան թշնամիին շահագործելու պատրուակ տալէ խուսափելու համար է»:

Անդրադառնալով այն լուրերուն, թէ Իսրայէլ սահմանէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ արգելակիչ գօտի պահանջած է, վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց. «Ոչ մէկ պատգամ ստացանք, թէեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը առօրեայ կերպով իսրայէլեան յարձակումներու կ՛ենթարկուին: Մեր հողերէն մէկ թիզ իսկ գրաւելը մերժելի է, եւ մենք զայն չենք ընդունիր»:

«Ես կ՛ողջունեմ ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից իւրաքանչիւր պետութիւն, մասնաւորաբար եւրոպական պետութիւններն ու իսրայէլեան սպառնալիքները մերժող անոնց կեցուածքը: Իսրայէլեան ամբարտաւանութիւնը խաղաղութեան ուժերը հաշուի չ՛առներ, որովհետեւ Իսրայէլ արդէն իսկ խաղաղութիւնը կը մերժէ: ՖԻՆԻՒԼ-ը մեզի փոխանցեց, որ իր դիրքերը պիտի չլքէ», ըսաւ Միքաթի:

«Լիբանանեան բանակը պատրաստ է հարաւային Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը շուրջ տասը հազար յաւելեալ զինուորներով ամրապնդելու, սակայն բազմաթիւ սարքերու կարիք ունի, եւ ատիկա թիւ 1701 որոշումի գործադրման համար հիմնական հարց է: Ինչ կը վերաբերի այդ որոշումը թիւ 1559 որոշումին նման այլ որոշումներու կապելուն, ապա ատիկա անտեղի է եւ չ՛արժեր այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ յաւելեալ տարակարծութիւններ կը պատճառէ:

«Պէտք է համաձայնինք ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթը գործադրելու, այսինքն` պետութեան գերիշխանութիւնը իր հողերուն վրայ տարածելու եւ լիբանանեան օրինական զէնքէն բացի այլ զէնքի գոյութիւն չունենալը, որովհետեւ այս որոշումը մեզի կը խնայէ թիւ 1559 որոշումին առնչուող վէճէն: Մեր պարտաւորութիւն է պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրել` անոր գերիշխանութիւնը իր ամբողջ հողերուն վրայ տարածելով: Մենք թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վրայ կը շեշտենք, եւ անիկա գործը կը կատարէ», նշեց Միքաթի:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Կառավարութեան Ներկայացուցած Է Լիբանանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանները

Յաջորդը

Այսօր Պքերքէի Մէջ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.