Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Հոկտեմբեր 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի եւ Ամմանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Եուսեֆ Ռաժիի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքները, կացութեան զարգացումներն ու շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցումը:

Հասսան յայտնեց. «Յորդանանը, Ապտալլա Բ. թագաւորի ցուցմունքով կը կանգնի եղբայրական Լիբանանի կողքին, կը զօրակցի անոր անվտանգութեան, գերիշխանութեան ու կայունութեան եւ բուռն կերպով կը մերժէ անոր վրայ իսրայէլեան վայրագ յարձակումը, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը յարգելու կարեւորութիւնը»:

Միքաթի իր կարգին գնահատեց Յորդանանի, անոր թագաւորին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին Լիբանանի նկատմամբ արտայայտած կեցուածքները:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի գահաժառանգ Հիւսէյն պըն Ապտալլա Բ. իշխանը:

Յորդանանի թագաւորը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը բացարձակ կերպով կը կանգնի Լիբանանի ու անոր եղբայրական ժողովուրդին կողքին եւ կը զօրակցի անոր գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան:

Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտեց, որ թագաւորութիւնը պատրաստ է լիբանանցիներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու` թեթեւցնելու համար ընթացող պատերազմին հետեւանքով անոնց տառապանքը:

Յորդանանի թագաւորը նաեւ զգուշացուց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան պատերազմի շարունակումէն ու ընդլայնումէն, ինչ որ շրջանը պիտի մղէ շրջանային պատերազմի, որուն գինը բոլորին համար մեծ պիտի ըլլայ:

Միքաթի գնահատեց Ամմանի եւ Պէյրութի միջեւ օդային կամուրջի ճամբով Յորդանանի տրամադրելիք օժանդակութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Մաքրոնի Հետ Ամբողջովին Համաձայն Եմ, Իսկ Պլինքընի Մօտ Զինադադարի Հաստատման Հասնելու Վերաբերեալ Լաւատեսութիւն Ներշնչող Բան Չգտայ»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?