Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Ճակատին Վրայ Դէմ Առ Դէմ Բախումներ, Հրթիռակոծումներ Եւ Օդային Յարձակումներ

October 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա «զերօ հեռաւորութեան» վրայ դէմ առ դէմ բախումներ ունեցաւ իսրայէլացի զինուորներու հետ, երբ վերջիններս փորձեցին ներթափանցում կատարել, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի հրետանիներու դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործեց:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ իսրայէլեան հետեւակ ուժ մը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:05-ին փորձած է հարաւային Լիբանանի Քաուզահ գիւղ ներթափանցել: Կուսակցութեան մարտիկները դէմ դրած են այդ փորձին: Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 10:00-ին նաեւ «զերօ հեռաւորութեան» վրայ դէմ առ դէմ բախում ունեցած են Պլիտա գիւղի Քանաան բարձունքին վրայ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Հըզպալլա երեկոյեան ալ յայտարարեց, որ յարձակում գործած է  Այթա Շաապի արեւմտեան թաղամասին մէջ թշնամիի ուժերուն վրայ:

Հըզպալլա նաեւ առաւօտեան ժամը 9:30-ին հրթիռակոծեց Հայֆայի հարաւը գտնուող «Թիրաթ Քարմել» ռազմակայանը, ինչպէս նաեւ ժամը 10:10-ին ռմբակոծեց Մարուն Ռաս գիւղին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները: Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց «Ցուրիթ» ռազմակայանն ու Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ Քարմայելի շրջանին մէջ Լիբանանէն արձակուած հրթիռներ իյնալուն պատճառով հրթեհներ յառաջացած են:

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ Հըզպալլան երէկ Լիբանանէն Իսրայէլի վրայ շուրջ 115 հրթիռներ արձակած է: «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ն ալ հաղորդեց. «Այսօր առտու հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան ընթացքին երկու անջատ դէպքերու ընթացքին շուրջ 20 զինուորներ վիրաւորուեցան»: Աւելի ուշ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ այդ թիւը բարձրացած է 25-ի:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ առաւօտեան արդէն հաղորդած էին, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ «դժուար դէպք»-ի մը պատճառով առնուազն 7 իսրայէլացի զինուորներ հիւանդանոց տեղափոխուած են:

Իսրայէլեան օդուժն ալ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու վրայ, ներառեալ Քֆարթպնիթ, Առնուն, Քանա, Ռամատիէ, Այթա Շաապ, Լաիքիէի մերձակայքն ու Ժապալ Ռիհան, ինչպէս նաեւ Խիամ քաղաքը:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Պաալպեքի հիւսիսը գտնուող Քնիսէ գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հարաւային Լիբանանի 20 գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց լքել իրենց գիւղերը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը ծովէն մինչեւ Մազարեհ Շեպաա կը գործէ, բոլոր այն վայրերուն մէջ, որ հետախուզութիւնը ճշդած է»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ յայտարարեց. «Նոյնիսկ բանակի` հարաւային Լիբանանի մէջ շրջաններէ հեռանալէն ետք Հըզպալլային պիտի չարտօնենք վերադառնալ»:

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց. «Իսրայէլեան թշնամին Մարժեհիունի Պըրժ Մուլուք գիւղին մէջ թիրախաւորեց բանակի 2 մեքենաներ, այդ պատճառով ալ 3 զինուորներ վիրաւորուեցան:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Հայֆայի հարաւը գտնուող Պենիամինայի մօտ անօդաչու թռչող սարքի մը իյնալուն պատճառով արձանագրուած են 20 վիրաւորներ, որոնց մէկ քանիին վիճակը ծանր է:

Նախորդը

Հայաստան Միացած Է ՖԻՆԻՒԼ-ին Աջակցող Միացեալ Յայտարարութեան

Յաջորդը

«Առանց Դպրեվանքի Կարելի Չէ Պատկերացնել Մեր Եկեղեցւոյ Ապագան Եւ Սփիւռքահայ Մեր Գաղութներու Պահպանումը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.